Չեխիոյ մէջ հայ համայնքը յառաջիկային պիտի աշխուժացնէ ջանքերը կապուած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Արցախի հարցերուն հետ: Այս մասին, ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ կը տեղեկացնէ «Ուրարտու» հայ-չեխական միութեան նախագահ Ալեքսանտր Սարգսեան ընդգծելով, որ կ՛աշխատին տարբեր պատգամաւորներու հետ եւ խորհրդարանին մէջ աջակիցներ ունին:
«Ուրարտու» հայ-չեխական միութեան նախագահ Ալեքսանտր Սարգսեան ընդգծեց, որ կ՛աշխատին տարբեր պատգամաւորներու հետ եւ խորհրդարանին մէջ աջակիցներ ունին: «Մենք կը փորձենք նաեւ գտնել յատուկ մարդիկ, որոնք աւելի ազդեցիկ են Չեխիոյ կառավարութեան մէջ եւ, առիթը օգտագործելով, կրկին բարձրացնել Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը: 2015 թուականին բաւական աշխոյժ աշխատեցանք: Կազմակերպուեցան ձեռնարկներ, 2500 հայ երթով գնաց դէպի նախագահի նստավայր», յայտնեց Ալեքսանտր Սարգսեան՝ աւելցնելով, որ աշխոյժ կերպով կ՛աշխատին նաեւ այլ ազգային փոքրամասնութիւններու հետ:
Ալեքսանտր Սարգսեան ներկայացուցած է նաեւ ծրագիր մը, որուն ծիրէն ներս Չեխիոյ կրթական հաստատութիւններուն մէջ կիրականացուին դասընթացքներ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Այդ գործընթացը Չեխիոյ մէջ սկսած է 2008-2009 թուականներուն:
Ա. Սարգսեանի տուած տեղեկութիւններով՝ յետագային Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը տուած է համաձայնութիւն դպրոցներու ուսուցիչները վերապատրաստելու, որպէսզի պատմութեան առարկայի դասաւանդման մէջ ներկայացուի նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութիւնը: Այժմ կը կատարուի դպրոցներու ուսուցիչներու վերապատրաստում: «Ի հարկէ, այդ դասընթացքը դպրոցներու մէջ կը կատարուի կամաւոր սկզբունքով, բայց հիմա կը ձգտինք հասնիլ այն բանին, որ Հայոց Ցեղասպանութեան թեման արդէն դասագիրքի մէջ ներառուի», կ՛աւելցնէ Ալեքսանտր Սարգսեան