ԱԹԷՆՔ, «Ռոյթըրզ».- Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տանըլտ Թուսքի հետ Աթէնքի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումէն ետք յայտարարեց, որ Անգարա պէտք է դէպի Եւրոպա գաղթականներու հոսքը նուազեցնելու լուրջ միջոցառումներ որդեգրէ: Ցիփրաս նաեւ յայտնեց, որ Մարտ 8ին Իզմիր պիտի այցելէ, մասնակցելու համար Թուրքիոյ հետ համագործակցութեան խորհուրդի նիստին: Ան աւելցուց, որ վեհաժողովին ընթացքին ինք անդամ բոլոր պետութիւններէն պիտի պահանջէ յարգել եւրոպական դաշնագիրը եւ պատժամիջոցներ հաստատել բոլոր անոնց դէմ, որոնք զայն չեն յարգեր: Ցիփրաս ըսաւ, որ Յունաստան պիտի շարունակէ իր կարելին ընել՝ ապահովելու համար, որ որեւէ գաղթական անտէր չմնայ, սակայն շեշտեց, թէ Աթէնք առանձնաբար չի կրնար այս բեռը կրել:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.