Յ. Կ.

Հայ կաթողիկէներու Սուրբ Խաչ ընկերակցութեան ամսական դասախօսութիւններու շարքին փետրուարեանը յատկացուած էր «Յառաջ» օրաթերթի երկարամեայ տնօրէնուհի Արփիկ Միսաքեանի յիշատակին, անոր մեծարանքին: Այս առթիւ, Փարիզի Սուրբ Մեսրոպ մշակութային կեդրոն դասախօսելու հրաւիրուած էին «Յառաջ»ի վերջին 25 տարիներու խմբագիր Արփի Թոթոյեան եւ գրող Գրիգոր Պըլտեան, առաջինը ներկայացնելու համար Արփիկ Միսաքեանի կեանքն ու վաստակը, իսկ երկրորդը՝ խօսելու Շաւարշ Միսաքեանի յուշերը ամփոփող «Տերեւներ Դեղնած Յուշատետրէ Մը» (1957 Պէյրութ, 2015 Մարսէյ) հատորին Արփիկ Միսաքեանի կողմէ կատարուած եւ վերջերս լոյս տեսած «Face a linnommable: Avril 1915» ֆրանսերէն թարգմանութեան մասին:
Փետրուար 27ի յետմիջօրէին, Թուէնի փողոցի սրահը լեցուցած էր բազմութիւն մը։
Յովսէփ Ծ. վրդ. Քէլէկեանի բարեգալստեան կարճ ելոյթէն ետք նախ խօսքը տրուեցաւ Արփի Թոթոյեանին:
Դասախօսուհին անսահման երկիւղածութԵամբ եւ յուզումով արտայայտուեցաւ Արփիկ Միսաքեանի մասին, հայերէնով: Ան նախ շեշտեց, թէ մեծարեալը մեծ աշխատասէր մըն էր. 1957ին՝ իր հօր մահէն ետք, թերթի տնօրէնութեան 52 տարիներուն, ամէն առաւօտ ժամը 7։30ին գրասեղանին գլուխը եղած է մինչեւ իրիկուն: Խօսեցաւ անոր սկզբունքներուն, հօրը ճամբէն չշեղելու կամքին մասին: Ան ըսաւ, թէ անոր մահով վերջացաւ ամբողջ շրջան մը սփիւռքահայ մամուլի, որուն դրօշակակիրը «Յառաջ»ն էր:
Ապա, ընդգծելու համար թէ ինչպիսի՛ շրջանակի մէջ աշխարհ եկած եւ հասակ նետած է Արփիկ Միսաքեան, ան յիշեց, թէ Շաւարշ Միսաքեանի բարեկամներու շր-ջանակը՝ Ռուբէն փաշան եւ իր ընտանիքն էին, Զարդարեանները, տիկին Զաւարեանը, Ահարոնեանը, Տէր Յակոբեան ընտանիքը… «Արփիկ հայկական միօրեայ դպրոցներէն չեմ կարծեր որ շատ մեծ բան մը առած ըլլայ, բայց միշտ կը յիշէր իր հայերէնի ուսուցիչ Նշան Պէշիկթաշլեանը, որ միայն քանի մը ամիս իր դասատուն եղած է», աւելցուց ան: Ան անդրադարձաւ նաեւ Արփիկ Միսաքեանի մօր՝ Տիրուհի Միսաքեանի կարեւոր տիպարին, որ դժբախտաբար քիչ մը շուքին տակ մնացած է հայր ու աղջիկ Միսաքեաններուն:
Ան շեշտեց, թէ հայ գրականութեան մօտէն ծանօթանալու առումով՝ Արփիկ Միսաքեանի հանդիպումը Շահան Շահնուրին, վճռական դեր կատարած է: Արդարեւ, 1940ական թուականներէն մինչեւ Շահնուրի մահը սերտ բարեկամութիւն մը ստեղծուած է իրենց միջեւ: Զինք տպաւորած է Շահնուրի «Նահանջը Առանց Երգի» վէպը, կարդացած է նաեւ հեղինակին միւս գործերը:
Արփի Թոթոյեան եզրափակելով՝ ըսաւ, թէ Արփիկ Միսաքեան յուսախաբութիւն ապրեցաւ տեսնելով, թէ Հայաստանը ամբողջ Սփիւռքի երազած հայրենիքը չեղաւ, եւ աւելի շատ հետաքրքրուեցաւ Սփիւռքի նիւթական կարողութեամբ: Ան յուսախաբ եղաւ ուղղագրութեան հարցով ալ, ապա նաեւ՝ արտագաղթի երեւոյթով: Ան աւելցուց, թէ Արփիկ իր հօր յիշատակին հաւատարիմ մնաց մինչեւ իր կեանքի վերջաւորութիւնը եւ ատոր լաւագոյն ապացոյցն է՝ հակառակ առողջական իր ծանր վիճակին, Շաւարշի՝ հայերէն գրի առնուած բանտի յուշերուն իր կողմէ ֆրանսերէնի թարգմանութիւնը:
Ապա խօսք առաւ Գրիգոր Պըլտեան, որ արտայայտուեցաւ ֆրանսերէն: Ան ըսաւ, թէ Շաւարշ Միսաքեան բարդ անձնաւորութիւն մըն է: Ծնած է 1884ին, Սեբաստիա: Շատ երիտասարդ տարիքին, ծնողքը զինք տարած է Կոստանդնուպոլիս, ուր մեծցած է: 1907էն կը սկսի յօդուածներ ստորագրելու Պոլսոյ թերթերուն մէջ. սկիզբը ընդյատակեայ՝ գաղտնի, առանց իր անունը ստորագրելու, քանի որ Համիտեան շրջանն էր, եւ դժուար օրեր էին: Ան կ՛աշխատակցի նաեւ արտասահմանեան թերթերու, ինչպէս Պուլկարիոյ թերթի մը: 1909ին, Օսմանեան կայսրութեան առաջին Սահմանադրութեան հռչակումով, հայ մամուլը կը տիրանայ որոշ ազատութեան. այդ ժամանակ է, որ ան կը նետուի իր նախասիրած գրականութեան ասպարէզը: Ան նախ կը խմբագրէ «Ազդակ» շաբաթաթերթը, աւելի ուշ՝ «Ազատամարտ»ը, որ Պոլսոյ մէջ ՀՅԴի պաշտօնաթերթն էր: Այդ օրերուն է, որ կ՛անդամագրուի ՀՅԴին եւ կը խմբագրէ յատկապէս «Ազատամարտ»ի գրական յաւելուածը:
Հոս, Պըլտեան միջանկեալ նշեց, որ երբ 1976ին տիկին Միսաքեան կը նախաձեռնէր «Միտք Եւ Արուեստ»ին, իրականութեան մէջ «Ազատամարտ»ի յաւելուածին օրինակը աչքի առջեւ կ՛ունենար: Ապա ան շարունակեց՝ ըսելով, թէ Շաւարշ կը ճանչնար մայրաքաղաքի այդ օրերու մտաւորական գրեթէ բոլոր առաջնակարգ դէմքերը՝ Եղիա Տէմիրճիպաշեանը, Ինտրան, Մեծարենցը, Դանիէլ Վարուժանը, Սիամանթօն, նոյնիսկ անոնցմէ ոմանց հետ ընկերական կապեր հաստատած էր: Ինք ալ կը փափաքէր գրող ըլլալ, բայց ըստ երեւոյթին կարեւոր յատկանիշ մը կը պակսէր իրեն, որ յարատեւութիւնն էր: Այն օրերուն Շաւարշ կ՛ըսէր, թէ ամէն մարդ բան մը հրատարակած է, բացի իրմէ: 1941ին կը գրէ ձեւով մը իր ինքնակենսագրութիւնը հանդիսացող՝ «Օրեր Եւ Ժամեր»ը, որ աւելի ուշ, 1958ին, պիտի հրատարակուէր: Բայց հոս եւս ի յայտ կու գայ յարատեւելու հարցը, այնպէս որ՝ կարծէք թէ պատումը կը խզուի գրեթէ իր կէսին: «Այս առումով, Շաւարշ ձեւով մը՝ իր կոչումին չյանգած գրող է», ըսաւ Պըլտեան:
Շաւարշի կեանքի գլխաւոր դէպքը կը հանդիսանայ իր ձերբակալութիւնը 1915ին: Ան, իր ձերբակալութեան պարագաները կը պատմէ «Տերեւներ Դեղնած Յուշատետրէ Մը» վերնագիրով հատորին մէջ:
Շաւարշ Միսաքեան հրաշքով փրկուած է եւ չէ տեղահանուած: Դատուած ու դատապարտուած է 5 տարի բանտարկութեան, որ մեղմ դատավճիռ մըն էր բաղդատած իր նկատմամբ եղած ամբաստանութեանց: Հոս, Պըլտեան նշեց այս պարագային իւրայատկութիւնը, քանի որ 1915ին ձերբակալուած միւս հայ մտաւորականներուն ջախչախիչ մեծամասնութիւնը «չէ արժանացած» դատավարութեան: Ան աւելցուց, թէ որեւէ գործունէութեան արգիլման մասին որեւէ հրամանագիր չէ արձակուած, ներառեալ «Ազատամարտ»ի եւ նոյնիսկ ՀՅԴի արգիլման մասին, այլ խօսքով կատարեալ կամայականութիւնն էր որ կը տիրէր:
Շաւարշ 1918ի Նոյեմբերին բանտէն կ՛ելլէ եւ անմիջապէս կը վերագտնէ վերապրողներէն մէկ քանին, որոնք թաքստոց մտեր էին, ինչպէս Սիրունին: Անոնց հետ կը վերահրատարակէ «Ճակատամարտ»ը, որ «Ազատամարտ»ի շարունակութիւնն էր: Հակառակ անոր, որ Պոլիս գրաւման տակ կը գտնուէր, մամուլը կը շարունակէր ենթարկուած մնալ գրաքննութեան եւ այս պատճառով էր, որ «Ազատամարտ»ի անունը կը փոխուէր «Ճակատամարտ»ի, ապա նաեւ «Արդարամարտ»ի: Եւ այդ գրաքննութիւնը այնքան խիստ համեմատութիւններու հասած էր, որ թերթը նոյնիսկ լոյս տեսած է պարապ ճերմակ էջերով, արգիլուած գրութիւններու պատճառով:
Շաւարշ թերթին կ՛աշխատակցի մինչեւ 1922 թուականը, ապա շատ-շատերու նման կ՛անցնի նախ Պուլկարիա, ուր կը մնայ շուրջ երկու տարի եւ ուր կ՛ամուսնանայ Տիրուհիին հետ. հոնկէ կու գան Փարիզ՝ հաստատուելու, ուր ալ 1925ին Շ. Միսաքեան կը հիմնէ «Յառաջ»ը, որ կը հրատարակուի մինչեւ 1940: 1940-1945ի միջեւ, պատերազմի տարիներուն կը դադրեցնէ թերթին հրատարակութիւնը, երբ գերմանացիները գրաւած էին Փարիզը: Շաւարշ չ՛ուզեր ենթարկուիլ անոնց: 1945ին կը վերահրատարակէ «Յառաջ»ը որուն գլուխը կը մնայ մինչեւ 1957՝ իր մահը:
Դասախօսը ընթերցեց նաեւ հատուածներ գիրքէն:
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»