Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ identity-mag.com կայքը կազմած է Գահիրէի հեքիաթային 17 վայրերու ցուցակը, որուն վրայ կը գտնուի Գահիրէի մէջ Հայաստանի դեսպանատունը։
Կայքը կը գրէ, որ այն հիւղակը, ուր տեղակայուած է դեսպանատունը, կարծես «Քնացած Իշխանուհին» հեքիաթէն դուրս եկած է: Ցանկին վրայ ներառնուած են նաեւ Հելիոպոլիս գտնուող Baron Empain պալատը, արքայազն Սալիտ Հալիմի պալատը, հին Գահիրէ գտնուող Պապ ալ-Ֆութուհը, Քորպա գտնուող տունը, ղպտիներու գերեզմանատունը, «Մարիը»չ հիւրանոցը, Մուիզ ալ-Տին փողոցը, Ապտեն պալատը, Հելիոպոլսոյ եկեղեցին (պազիլիքը), Գահիրէի դարպասները, Քասր ալ-Նիլ կամուրջը, Սապիլը, պանեան ծառերը, Maison du Canada-ն, Սպանիոյ դեսպանատունը եւ Գահիրէի միջնաբերդը: