ՔԱՆՈԿԱ ՓԱՐՔ.- Չորեքշաբթի, Փետրուար 17ին, ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի 10-12րդ դասարանի աշակերտութեան հիւրն էր Պոսթընի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ ամէնօրեայ դպրոցի տնօրէնուհի Հուրի Բանեան-Պոյամեանը:
Տէր եւ Տիկին Պոյամեանները դպրոց ժամանած էին Լոս Անճելըս բնակող իրենց եղբօր՝ մեր համայնքէն ներս աշխոյժ գործունէութիւն ծաւալող Յակոբ եւ Արաքսի Պոյամեաններու ընկերակցութեամբ: Հիւրերը դպրոցի տնօրէնութեան հետ ծանօթացան, ապա տեղի ունեցաւ հանդիպում մը վերի կարգերու աշակերտութեան հետ:
Հուրի Պոյամեան աշակերտութեան ներկայացուց իր հօր՝ Գառնիկ Բանեանի գիրքը՝ թարգմանուած անգլերէնի՝ «Goodbye, Antoura. A memoir of the Armenian Genocide»:
Գառնիկ Բանեան ծնած է Կիւրին եւ որբացած է Ցեղասպանութեան տարիներուն: Տարուած է Լիբանան, Այնթուրայի օսմանեան որբանոցը, որպէսզի դաստիարակուի իբրեւ թուրք, սակայն կրցած է դուրս գալ այդտեղէն՝ դառնալով ուսուցիչ եւ գրող:
Պոյամեան պատկերներով եւ քարտէսներով ներկայացուց իր հօր պատմութիւնը, ապա պատասխանեց աշակերտութեան հարցումներուն եւ օրինակ մը նուիրեց իր հօրը գիրքէն:
(Թղթակցութիւնը՝ վարժարանէն)