ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».¬ Ղարաբաղեան-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին մէջ կը շարունակուին մարտական գործողութիւնները, յայտարարած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակը՝ զգուշացնելով Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովը, որ եթէ ատրպէյճանական կողմի սպառնալիքները կատարուին՝ հայկական կողմին արձագանգը պիտի ըլլայ ցաւցնող։
Բանակի յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ օրուան ընթացքին հակառակորդը, բացի նախորդ օրերուն գործածած զինատեսակներէն, օգտագործած է աւելի ծանր հրանետային համակարգեր, հարուածային անօդաչու թռչող սարքեր ու այլ ժամանակակից սարքեր:
«Սակայն այս ամէնի արդիւնքում անգամ ադրբեջանական զինուժին չյաջողուեց ռազմաճակատում փոխել դէպքերի զարգացման ընթացքն օգուտ իրեն: Հակառակը» պաշտպանութեան բանակի բոլոր ուղղութիւնների ստորաբաժանումները ոչ միայն յաջողութեամբ իրենց դրսեւորեցին դիրքային մարտերում, այլեւ գրագէտ ու նպատակասլաց գործողութիւնների շնորհիւ օրուայ ընթացքում ոչնչացրին թշնամական 5 տանկ, 3 հարուածային անօդաչու թռչող սարքեր, տարբեր տեսակի տեխնիկայ եւ տասնեակների հասնող կենդանի ուժ», նշուած է բանակի յայտարարութեան մէջ:
Հաւանաբար մեր այս յաջողութեամբ պայմանաւորուած է Ատրպէյճանի ռազմական ղեկավարութեան կողմէ կատարուած անհաւասարակշիռ յայտարարութիւնը, ըստ որուն, անոնք հանդէս կու գան Արցախի Հանրապետութեան խաղաղ շրջաններն ու յատկապէս մայրաքաղաք Ստեփանակերտը ռմբակոծելու սպառնալիքներով:
Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը զգուշացնէ անձամբ Հասանովն ու անոր «գերագոյն»ը, որ նման զարգացումներու պարագային արձագանգը պիտի ըլլայ անհամաչափ եւ աւելի ցաւոտ: