ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արմէնփրէս».– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանն ու Մերձտենսթրի Մոլտովական Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Վիթալի Իկնաթեւ 4 Ապրիլին ունեցած են հեռաձայնային զրոյց մը, որուն մէջ անդրադարձ կատարուած է 1էն 2 Ապրիլ լուսցող գիշերը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծին մէջ Ատրպէյճանի սանձազերծած լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններուն եւ անոնց իբրեւ հետեւանք ստեղծուած իրավիճակին:
Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութենէն յայտնած են, որ Վիթալի Իկնաթեւ հաստատած է, որ Մերձտնեսթրի Մոլտովական Հանրապետութեան իշխանութիւններուն եւ ժողովուրդին անունով լիովին կ՛աջակցի եւ կը զօրակցի Արցախին՝ յոյս յայտնելով, որ շուտով վիճակը կը կայունանայ։ Կողմերը համոզում յայտնած են այն մասին, որ ատրպէյճանական–ղարաբաղեան հակամարտութիւնը կարելի է լուծել բացառապէս խաղաղ միջոցով։