ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Իսրայէլի խորհրդարանը խստօրէն դատապարտած է ատրպէյճանական կողմէն շփման գիծի երկայնքին լարուածութիւնը սանձազերծելու քայլերը. Ապրիլ 4ին, Հայաստանի հրէական համայնքի 25րդ տարեդարձին նուիրուած քննարկման ընթացքին նշած է Իսրայէլի խորհրդարանի փոխխօսնակ, Իսրայէլ-Հայաստան բարեկամական խմբակի ղեկավար Թալի Փոսքով:
«Մենք խստօրէն կը դատապարտենք ատրպէյճանական կողմը եւ կոչ կ՛ընենք կողմերուն, որ դադրեցնեն կրակը: Խաղաղութիւնը պէ՛տք է ե՛ւ մեզի, ե՛ւ իւրաքանչիւր երկիրի», ըսած է ան:
Նշենք, որ Փոսքով այցելած է նաեւ Ցեղասպանութեան յուշահամալիրը։ «Ասիկա առաջին անգամն է, որ (հրէական) նման մեծ պատուիրակութիւն մը Հայաստան կը գտնուի, եւ այս մէկը կրնայ մեր յարաբերութիւններուն մէջ նոր փուլի մը սկիզբը դառնալ», եզրակացուցած է ան: