(Ծնեալ՝ Յունուար 1, 1931ին, Սուրիա)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ ամուսնոյն, հօր, մեծ հօր, եղբօր եւ հարազատին՝ Ասատուր Համամճեանի մահը, որ պատահեցաւ Երեքշաբթի, Ապրիլ 5, 2016ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Ապրիլ 16, 2016, առաւօտեան ժամը 10։30ին, Պըրպենքի Ս. Ղեւոնդեանց տաճարին մէջ, 3325 N. Glenoaks Blvd., ապա թաղումը՝ Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան մէջ, 6300 Forest Lawn dr., Los Angeles, CA 90068։
Սգակիրներ՝
Այրին՝ Վարդուհի Համամճեան
Զաւակները՝ Սարգիս եւ Ալին Համամճեան եւ զաւակները՝ Մարիա եւ Ասատուր
Համօ եւ Անի Համամճեան եւ զաւակները՝ Ասպետ, Կարէն եւ Ցոլեր
Հրայր եւ Վերա Համամճեան եւ զաւակները՝ Ռուբինա, Վարդի եւ Ռուբէն
Սեպուհ եւ Ալին Համամճեան եւ զաւակները՝ Լոռի եւ Նարեկ (Գանատա)
Քոյրը՝ Լուսին Տէր Պօղոսեան եւ զաւակները
Քոյրը՝ Արմենուհի Չուլճեան եւ զաւակները
Եղբայրը՝ Անդրանիկ եւ Զուարթ Համամճեան եւ զաւակները
Քենին՝ Արշալոյս Թիւրպենտեան եւ զաւակները
Քենին՝ Պերճուհի եւ Խաչիկ Ճելոյեան եւ զաւակները (Ֆրանսա)
Աներորդին՝ Յովհաննէս եւ Տալօ Թիւֆէնքճեան եւ զաւակները (Հայաստան)
Քենին՝ Արմենուհի Եսայեան եւ զաւակները (Հայաստան)
Աներորդին՝ Յակոբ եւ Անի Թիւֆէնքճեան եւ զաւակները
Խնամիները՝ Մարի Յակոբեան եւ զաւակները (Շուէտ)
Քիլէճեան ընտանիք
Կարպիս եւ Գոհար Քեքլիքեան եւ զաւակները (Սուրիա)
Եւ համայն Համամճեան, Թիւֆէնքճեան, Սարգիսեան,
Տէր Պօղոսեան, Չուլճեան, Աբրահամեան, Նաճարեան,
Տէր Կարապետեան, Պէրպէրեան, Շանլեան, Չամիչեան,
Թիւրպենտեան, Ճելոյեան, Եսայեան, Յակոբեան, Քիլէճեան,
Քեքլիքեան, Զէյթօ, Պուռունսուզեան, Աբէլեան, Չոփուրեան,
Քասեան, Տօնապետեան ընտանիքներն ու հարազատները
Թաղման արարողութենէն ետք հոգեճաշ պիտի մատուցուի Կլենտէյլի Phoenicia ճաշարանին մէջ, 343 N. Central Ave.:
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանին, Rose and Alex Pilibos Armenian School, 1615 N. Alexandria Ave., Los Angeles, CA 90027։