ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ֆրանսայի եւ Բրիտանիոյ միջեւ կնքուած «Սայքս-Փիքօ» պայմանագիրի 100ամեակին նուիրուած «Նիւ Եորք Թայմզ»ի յօդուածին ընկերացող քարտէսները կատաղեցուցած են Թուրքիան, քանի որ անոնց մէջ Թուրքիան մասնատուած է, իսկ Հայաստանին «տրուած է» իր պատմական հայրենիքին զգալի մէկ մասը:
Թերթը գրած է, որ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտըն վերջերս յայտարարած էր, թէ Միջին Արեւելքի խնդիրներուն պատճառը արհեստական սահմանագիծերն են:
1919ին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ուուտրօ Ուիլսըն պատուիրակութիւն մը ղրկած էր՝ այդ տարածաշրջանը բաժնելու լաւագոյն միջոցը մշակելու համար: Աստուածաբան Հենրի Քինկ եւ արդիւնաբերող Չարլզ Քրէյն հարիւրաւոր զրոյցներ ունեցած էին, որպէսզի պատրաստեն այնպիսի քարտէս մը, որ առաւելագոյնս համապատասխանէր ազգային ինքնորոշման գաղափարին: Անոնք մտածած էին, որ քիւրտերու համար լաւագոյն տարբերակը պիտի ըլլայ մնալ Իրաքի կամ նոյնիսկ Թուրքիոյ կազմին մէջ: Հայաստանի համար նախատեսուած էին մեծ տարածքներ, որոնք կը հասնէին Սեւ ծովի ափերը, իսկ հարաւը իր մէջ կ՛առնէր Վանայ լիճը: Սակայն, ֆրանսացիներն ու անգլիացիները անտեսած են այդ առաջարկները:
Կ՚արժէ յիշեցնել, երբ լուրերը արեւմտահայերէնի կը վերածուին, որ արեւմտահայերէն խօսողները կը կատղին, ոչ թէ «կատաղւում են»։ Հետեւաբար, քարտէսները չեն «կատաղեցուցած», այլ… «կատղեցուցած» են Թուրքիան։