ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Վերջերս բարեկամներ յաճախ ինծի հարց կու տան, թէ այս օրերուն «խէր» է, ինչո՞ւ ձայնս «չելլեր» եւ կամ ի՞նչ «կ՛ընեմ», ինչո՞վ կը զբաղուիմ, «ինչե՞ր» կը գրեմ: Իրապէս, որ վայրկեանին յստակ եւ համոզիչ պատասխան մը չունիմ տալիք:
Սակայն անկեղծօրէն ըսեմ, որ միշտ կը փորձեմ գրել: Կ՛ուզեմ գրել: Այո՛, բայց ի՞նչ գրել: Որո՞ւ մասին գրել: Կը դժուարանամ:
Մտաբերեցէ՛ք, ինչե՜ր կը կատարուին մեր շուրջը եւ աւելին՝ ազգովին դէպի ո՞ւր կ՛երթանք:
Այս մէկուն պատասխանն ալ մօտս չէ: Իւրաքանչիւր հայ իր խիղճին թող հարց տայ:
Ուստի, շուարած եմ, ո՞ր մէկուն մասին գրել կամ խօսիլ: Ըսէ՛ք, կը խնդրեմ: Սփիւռքի թէ հայրենիքի մեր իրավիճակի՞ն կամ ալ՝ Հալէպի՞ եւ կամ Արցախի՞ն:
Հաստատապէս լաւատեղեակ էք, թէ վերջին այս երկուքը համաշխարհային կեանքի ամէնօրեայ յայտագիրին մէջ են: Աշխարհ՝ երկուքին ալ ցաւերուն գէշ աղէկ ծանօթ է:
Է՜հ, ի՞նչ սրտով գրել, երբ հոն՝ այս յիշածներուս մէջ, կարծես կեանքը իր բնականոն հունէն հեռացած է եւ երբեմն ալ մխիթարական բան մը իսկ չունի:
Անկեղծօրէն ըսելով, շեշտեմ, որ ներկայիս, այնպիսի աշխարհի մը մէջ կ՛ապրինք, որուն պատմութիւնը մութ է եւ նպատակն ալ՝ անյայտ: Եւ այնպէս կ՛երեւի, թէ նոյն այս պատմութիւնը խառնած է մեր սիրտն ու ուղեղը եւ փորձած՝ ոչ միայն կասեցնել մեր թափը, այլ նաեւ, ծանր կապարի տակ ճզմել մեր թռիչքն ալ:
Անոր համար է, որ մեր ազգի պատմութեան էջերուն վրայ ներկայիս շօշափելի եւ սակայն ցաւալի իրականութիւն մըն ալ սկսած է ուրուագծուելու: Արդեօք այս բոլորին կը գիտակցի՞նք: Հաւանաբար: Այս մէկուն պատասխանը կը կարծեմ, որ ոչ թէ իմ մօտս է, այլ իւրաքանչիւրիդ:
Ուստի, զիս մի՛ այպանէք, երբ ըսեմ, որ իսկապէս շուարած եմ:
Հաւանաբար ինծի նման շատեր ալ: Ու նորութիւն մը ըսած պիտի չըլլամ, երբ աւելցնեմ, թէ վերոնշեալ երկու շրջաններէն վերջերս ցաւալի լուրեր կը հասնին: Հոն կան հարցեր եւ դէպքեր, որոնք մեզի մտածել կու տան:
Թէեւ հո՛ս, ազատ երկինքի տակ կ՛ապրինք, բայց ամէնէն առաջ միտքս միշտ այս երկուքը կու գան: Եւ յանկարծ ամէն ազնիւ ցանկութիւն եւ տրամադրութիւն, կամաց- կամաց մէջս կը ցամքին: Ու ինքնածին, շատերու նման, եռանդս, տեսնելու եւ ապրելու, սորվելու եւ կարօտելու եռանդս, սկսած է կամաց-կամաց պաղելու: Եւ այս մէկը տխուր է:
Այս կարճ տողերուն մէջ կը փորձեմ արտայայտել այն բոլորը, որոնք ժամանակին անփոխարինելի գոհունակութիւն կը պատճառէին բոլորիս, ազնուական հպարտութիւն ներշնչելու կողքին:
Ու ինչ մեղքս պահեմ, գիշերներուս այլանդակ երազները, անօրինակ վերլուծումներով ալ սկսած են հիւսուելու: Կարծես սկսած եմ տենդոտ կեանք մը ապրելու:
Թէեւ ամէն օր կը փորձեմ ազատութիւնս աշխատութեանս սեղանին կապել, բայց ի զուր: Սխալ բան մը կայ մէջս, կ՛ըսեմ մտովի, որովհետեւ շուրջս ալ սխալ բաներ կան: Ուստի միտքս ինքնաբերաբար կը կապուի Արցախին եւ ծննդավայր Հալէպիս՝ հաւասարապէս: Որովհետեւ, անէծք սատանային, եղերական պատահարներ կ՛անցնին անոնց վրայէն:
Այս բոլորը կը զգամ: Կը տեսնեմ: Կը լսեմ: Բայց մինչեւ ե՞րբ պիտի շարունակուի այս վիճակը. դարձեալ մտովի կ՛ուզեմ վերլուծել: Ու ես ինծի կը կրկնեմ… մինչեւ ե՞րբ:
Կրկին յստակ պատասխան մը չունիմ:
Անոր համար է, որ ամէն վայրկեան դրական պատասխան մը կը յուսամ գտնել, յուսալ, լսել, ստանալ: Իսկ եթէ կը կարծէք որ մէկը կայ, որ լուծում մը ունի եւ կամ գիտէ, կամ ալ տեղեակ է, կը խնդրեմ… թող բացայայտէ՛, թող պարզէ՛, որովհետեւ այս ընթացքով կարելի չէ խուլ պահել հասարակութիւնը: Կարելի չէ բնականոն կեանք մը ապրիլ շարունակել:
Փամփուշտներուն եւ ռումբերուն սուլոցները եւ անկէ ծնունդ առնող մանաւանդ տառապանքի ձայները, եթէ այսպէս ամէնօրեայ ներկայութիւն դառնան, կրնան հայու աչքերը այս անգամ կրկին եւ աւելի երկար արտասուիլ տալ:
Ու այս մէկը բաւական ծանր պիտի ըլլայ: Մէկ կողմէ երիտասարդներ սահմանին վրայ կը զոհուին, միւս կողմէ ալ գաղութ մը ամբողջ սկսած է տարբաղադրուելու, հիւծիլ, կծկուելու, նօսրանալու:
Ու հիմա, ի տես այս բոլորին, ամէնէն վախցած «բանս» այն է, որ ազգիս հորիզոնները պիտի նեղնան: Անոր համար կը տխրիմ մտածելով:
Գիտեմ, որ կեանքի պարապը եւ յոյսերու քայքայումը, մարդս կրնայ նետել անստուգութեան գիրկը: Ըսէ՛ք, մինչեւ ե՞րբ կարելի է դիմանալ նման անստուգութեան… մինչեւ երբ: Մէյ մը մտաբերեցէ՛ք… ի՜նչ ահռելի բան է վաղուան անստուգութիւնը:
Արդեօք այս մասին մտածող կա՞յ: Հաւանաբար կայ: Եւ եթէ կայ, ո՞ւր է, ի՞նչ կ՛ընէ, ի՞նչ բանի կը սպասէ…
Եւ սակայն այս բոլորէն ետք եթէ բան մը կայ, որ զիս կանգուն կը պահէ, ան ալ յուշն է, որ ժամերուս հետ պինդ փաթթուած կը քալէ:
Անոր համար յուսահատ եմ: Կրնամ ըսել նաեւ՝ յուսահատած: Ինծի համար տաժանելի է այս զգացումը: Այս բոլորը գրիչէս փախած աղաղակներ են, որոնք հոգեկան տագնապներուս ընկերացած կը թաւալին:
Ու երբ կը փորձեմ կրկին անգամ ամբողջական նայուածք մը նետել մեր ազգի կեանքին վրայ, յստակօրէն կը տեսնեմ երկու վիրաւոր եւ հաստատապէս վտանգուած շրջաններ. Արցախ եւ Հալէպ:
Երկուքն ալ թանկագին եւ սրբազան «բաներ» են եւ որոնք սակայն մեզ բոլորս ալ շշմեցուցած եւ նոյնիսկ հոգեպէս ընկճելով զինափաթ ալ ըրած են: Երկուքին համար ալ հաւասարապէս կ՛արժէ զոհուիլ եւ զոհաբերել:
Այս՝ սակարկութեան չի կարօտիր:
Երկուքին համար ալ նախապայման է նուիրել եւ նուիրուիլ: Ապրիլ եւ ապրեցնել:
Ի տես իրենց ներկայ իրավիճակին, մեր ուրախութիւնը իր թարմութիւնը շատոնց կորսնցուցած է: Կորսուած է նաեւ անոր վազքն ու փայլքը: Անոր համար է, որ միշտ գրիչս կրկնած է, թէ ներկայ յարգելի ճշմարտութիւններու լոյսին տակ, ծայրայեղութեան գնով պէտք է արթնցնել եւ աւելին՝ միշտ արթուն պահել համայն հայ հասարակութիւնը, ուր շատերու մօտ կը կարծեմ, որ գիտակցութիւնը տակաւին կը քնանայ:
Եւ քանի ժամանակը ուշ չէ, պայման է մեր ջանքերը տեւաբար խառնել բոլորի աշխատութեան եւ մեր բոլոր ազնիւ կարողութիւնները այս երկուքին ի սպաս դնել յարատեւօրէն: Հաւատացէ՛ք, ամբողջ ազգ մը շնորհապարտ պիտի մնայ:
Արցախ ըսի. հոն արդէն յաղթանակի մեծագոյն մասը շահած ենք: Ունիմ միայն սքանչացում մը մեր բանակի երիտասարդ զինուորագրեալներուն եւ կամաւորներուն հասցէագրուած: Չմոռնանք սակայն, որ պիտի շարունակենք հաւատք եւ վստահութիւն դնել ժողովուրդին վրայ, ու նաեւ յանուն վաղուան՝ վերջերս բացայայտուած ու մատնանշուած սխալները շտկել, սրբագրել եւ սակայն միշտ եւ ամէն գնով եւ անվերապահօրէն զօրավիգ կանգնիլ հայ սահմանապահ մարտիկներուն, որովհետեւ մեր պատասխանատու զօրակցութիւնն է, որ պիտի գրէ մեր ազգի ապագան:
Տողերս կարծես սկսած են կամաց-կամաց խօսիլ: Բառերս կարօտի գոյն եւ տրամադրութիւն ունին: Իրապէս, որ հայրենիքի սահմաններուն հայ զինուորի մարտունակութիւնը կեանքիս ազգային նոր իմաստ տուած է: Մէկ խօսքով, կեանքի շրջադարձ: Փափաքս է, որ բոլորս ալ նոյն ոգիով ապրինք, զգացուինք, պայքարինք, զօրակցինք:
Հապա միւսը՝ մեր բոլորին Հալէպը. իրականութիւն է, որ հոն այս օրերուն մեր ժողովուրդի զաւակներուն գլխուն դարձեալ երկինքէն մահ կը տեղայ: Մտահոգութիւններս ժամանակ չեն տար, որ նոր յոյսերով երջանկանամ: Ապրիմ: Պերճախօսութիւնս չորցած է: Հոն նաեւ դէպքերը չորցուցած են ամէն բան: Անդորր, խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն երբեմն արմատախիլ ալ եղած են Սփիւռքի մեր մայր գաղութէն:
Սակայն հակառակ այս բոլոր տառապանքներուն, վիշտերուն, փլատակուող տուներուն ու մաշուող հոգիներուն՝ տակաւին հոն մեր հայորդիներուն մօտ կայ վերապրելու կամքը, գոյատեւելու բարի կամեցողութիւններն ու բաղձանքը: Կայ նաեւ հայուն յատուկ պատասխանատու կեցուածքը:
Գաղութը՝ պատիւ իրեն, կառչած է ազգային գոյատեւման: Հոն այլ խօսքով կայ նուիրումի եւ զոհաբերութեան տակ ապրող հայութիւն: Ուստի կարելի չէ այդ հրաշալի պատմական գաղութը իր մենակութեան մէջ ձգել: Պէտք է շունչ տալ: Ապրեցնել: Որովհետեւ… չենք ուզեր եղածն ալ կորսնցնել:
Անոր համար է, որ համարձա-կութեանս վրայ յենուելով, կարգիս անհամբեր կը սպասեմ եւ չեմ ալ գիտեր, թէ որքան ատեն պիտի սպասեմ իմ այս անմեղ հարցումիս պատասխանին.
– Է՜հ, աշխարհ… մինչեւ ե՞րբ այս վիճակը…