ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 31 Օգոստոսէն 1 Սեպտեմբեր աշխատանքային այցելութիւն պիտի տայ Գերմանիա՝ մասնակցելու Փոթստամի մէջ կայանալիք ԵԱՀԿ մասնակից երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ոչ պաշտօնական հանդիպման:
Այնուհետեւ՝ 2-3 Սեպտեմբերին նախարարը պիտի այցելէ Պրաթիսլաւա՝ մասնակցելու Եւրոպական Միութեան եւ Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման: