ՀՅԴ ԳԵՄի (Գանատայի Երիտասարդական Միութիւն) 44րդ Պատգամաւորական ժողովը գումարուեցաւ 20-21 Օգոստոսին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի «Ահարոնեան» սրահին մէջ: Ներկայ էին 38 պատգամաւորներ, Օնթարիոյի, Քեպեքի եւ Պրիթիշ Քոլոմպիայի զանազան շրջաններէն:
Ժողովին հիւրաբար մասնակցեցան ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի, ՀՅԴ «Միհրան Փափազեան» կոմիտէի, ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան Ընդհանուր Վարիչ մարմինի, ՀԵԴ ԱՄՆի արեւելեան շրջանի եւ ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչներ:
Պատգամաւորական ժողովի օրակարգի գլխաւոր նիւթերն էին ԳԵՄի կազմակերպած Վանաձորի Ամառնային ճամբարը, «Արծիւ» պաշտօնաթերթը, ԳԵՄի քաղաքական գործունէութիւնը, երիտասարդ գաղթականներու ընտելացումը եւ գիտարուեստի կապակցութեամբ ռազմավարութիւնները:
Ժողովը հաստատեց, որ հակառակ այն իրողութեան, որ ԳԵՄը կը դիմագրաւէ շարք մը մարտահրաւէրներ, սակայն միութեան ընդհանուր գործունէութիւնը արժանացած է բարձր գնահատանքի Գանատայի համայնքին մէջ, մանաւանդ քաղաքական գործունէութեան ծիրէն ներս:
Հայրենիքի մէջ միութեան իրագործած գլխաւոր ծրագիրն է Վանաձորի ճամբարը, որ կը համախմբէ եւ կը դաստիարակէ երկու հարիւրէ աւելի պատանիներ, որոնք կը ստանան անգլերէնի, հայոց պատմութեան եւ համակարգիչի դասընթացքներ միութեան կամաւորներու կողմէ: Ժողովը առաջադրեց ընդլայնել ճամբարի ծրագիրը:
Ժողովին ընթացքին պատգամաւորները ցուցաբերեցին հետաքրքրութիւն՝ ներդրում բերելու Հայաստանի մէջ որոշ բարեգործական նախաձեռնութիւններու: Հարկ է նշել, որ միութիւնը մասնաւորաբար հետաքրքրուած է զօրացնելով յարաբերութիւնները ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան հետ եւ պատրաստ է թիկունք կանգնելու եւ օժանդակելու միութեան ծրագիրներուն ամէն ձեւով:
Քարոզչական գետնի վրայ «Արծիւ» պաշտօնաթերթը գանատահայ երիտասարդութեան աւելի հասանելի դարձնելու համար՝ ժողովը թերթը տարածելու եւ սփռելու նոր միջոցներ որդեգրելու առաջարկներ կատարեց:
Միութեան քաղաքական ծրագիրէն ներս, ժողովը առաջարկներ կատարեց Արցախի հարցի առնչութեամբ ու առաջարկեց միութեան շարունակական բարոյական եւ նիւթաբարոյական օժանդակութիւնը: Ժողովը նաեւ նշեց Թուրքիոյ ներկայի մարդկային իրաւունքներու խախտումները եւ որոշեց յատուկ ծրագիր պատրաստել՝ յատկանշելու համար այս հարցերը Գանատայի կառավարութեան եւ հասարակութեան:
Վերջապէս, պատգամաւորները շեշտեցին միութեան դիմագրաւած բազմաբնոյթ մարտահրաւէրները, ինչպէս՝ գիտարուեստի ռազմավարական ծրագիրի կարեւորութիւնը, նկատի ունենալով ընկերային ցանցերու բազմաբնոյթ օգտագործումը:
Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ 2016-2017 տարեշրջանի ՀՅԴ ԳԵՄի Կեդրոնական վարչութեան կազմը: