ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».– Ֆրանսահայ բժիշկներու միութեան անդամները տարին երկու անգամ՝ Մայիսին եւ Օգոստոսին կ՛այցելեն Հայաստան՝ տարբեր շրջաններու դպրոցներու բժիշկներուն հետ փորձառութեան փոխանակման նպատակով: Այցելութեան ընթացքին անոնք երեխաներուն աչքերու քննութեան իրենց մեթոտներուն գաղտնիքները կը փոխանցեն գիւղերու դպրոցներուն մէջ աշխատող բժիշկներուն:
Օգոստոսի այցելութեան ֆրանսահայ բժիշկները իրենց հետ հայրենիք կը բերեն մեծ թիւով բժշկական ոսպնեակներ, տարրալուծարանային ու ակնաբուժական սարքաւորումներ եւ, տեղւոյն վրայ ստուգելով երեխաներուն տեսողութիւնը, հարկ եղած ատեն կը պատրաստեն եւ ակնոց կը նուիրեն անոնց։
Այս Օգոստոսին բժիշկները այցելեցին Սիւնիքի մարզի տարբեր գիւղեր եւ Սիսիան:
Հայաստան ժամանած Ֆրանսայի բժիշկներու միութեան խումբի ղեկավար Լեւոն Արթինեան իր խօսքին մէջ յայտնած է, որ արդէն 13րդ տարին ըլլալով կու գան Հայաստան եւ իրենց ներդրումը կը բերեն երեխաներու առողջութեան պահպանման: «Իրականացուող ծրագիրը ուզեցինք գործադրել գիւղերուն մէջ, քանի որ այստեղ աւելի մեծ է բժիշկներու եւ սարքաւորումներու կարիքը: Հիմա թէ՛ բժիշկներս եկած ենք եւ թէ սարքաւորում բերած մեզի հետ։ Այս տարի «ԱԿԲԱ-Քրետիթ Ակրիքոլ Պանք»ին աջակցութեամբ մեր խումբի 8 մասնագէտով եկանք Հայաստան՝ մեզի հետ այստեղ տեղափոխելով մեծ քանակութեամբ սարքաւորումներ: Մտածեցինք, որ Հայաստանի մէջ ալ կ՛ըլլան մարդիկ, որոնք մեզի կ՛աջակցին, ուստի դիմեցինք մեր վաղեմի ընկեր ԱԿԲԱին, որուն հետ կ՛աշխատինք արդէն 20 տարիէ ի վեր. առանց երկար մտածելու մեզի աջակցեցան ծրագիրի իրականացման նպատակով»:
Այս տարի ծրագիրի ծիրին մէջ Ֆրանսայի հայ բժիշկները Սիւնիքի մարզին մէջ քննութեան ենթարկած են աւելի քան 500 երեխայի աչքերը: