ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».– Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան, օգոստոսեան խորհրդակցութեան ծիրին մէջ, կը շարունակէ հանդիպումներ ունենալ դպրոցներու տնօրէններուն հետ։ 30 Օգոստոսին խորհրդակցութիւն կատարուած է Երեւանի հիմնական դպրոցներու տնօրէններուն հետ:
Լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նախարարը նշած է, որ այս հանդիպումներուն հիմնական նպատակը անձամբ տեղեակ ըլլալն է իւրաքանչիւր դպրոցի դիմաց ծառացած խնդիրներուն մասին: Խօսելով, մասնաւորաբար, մարզային այցելութիւններուն մասին՝ նախարարը նշած է, որ իւրաքանչիւր մարզ իր իւրայատկութիւնները ունի, եւ կան մարզեր, որոնք դպրոցներու նիւթականի ապահովման առնչուող բաւական մեծ հարցեր կը դիմագրաւեն: Այդ պատճառով ալ, ըստ նախարարին, իրենք կը մտածեն դպրոցներու ֆինանսաւորման ձեւը թարմացնելու մասին, քանի որ Հայաստանի մէջ կարելի չէ մէկ բանաձեւով բոլոր դպրոցներուն նիւթական հարցերը լուծել։
«Բացի այդ, շատ մեծ խնդիր է փոքր կոմպլեկտացիա (կառոյց-Խմբ.) ունեցող դպրոցների հարցը, քանի որ երկկոմպլեկտ, եռակոմպլեկտ կրթութեան ձեւաչափը կրթութեան որակի վրայ ազդում է: Պէտք է հասկանանք, թէ այդտեղ ինչ պէտք է անենք: Ըստ էութեան՝ խնդրի լուծումը դեռ չունենք: Մեր դպրոցների զգալի հատուածը 100ից քիչ աշակերտներ ունի, եւ այդ երեխաները մեղաւոր չեն, որ, ասենք, 3000 մ. բարձրութեան վրայ են ապրում: Մեխանիկական լուծում չենք կարող առաջարկել, այսինքն՝ փակել դպրոցը եւ բոլորին աւտոբուսով տեղափոխել մէկ այլ դպրոց չենք կարող՝ ճանապարհներ չկան, ձմրանը սառում են ճանապարհները: Մենք պարտաւոր ենք նոր մեթոդներ մշակել, եւ հիմա համաշխարհային փորձն ենք ուսումնասիրում, քանի որ Կանադայում, Ռուսաստանի հիւսիսային շրջաններում նոյնպէս կան նման դպրոցներ», ըսած է նախարարը:
Ըստ անոր՝ Հայաստանի մէջ գործող 1430 դպրոցներէն 800էն աւելին ունին մինչեւ 300 աշակերտ: Աւելի մեծ ու ընդարձակ դպրոցներն ու դասարանները, Մկրտչեանի համաձայն, սորվելու մղում կու տան, բայց հոն կրնայ կրթութեան որակը բաւարար չըլլալ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կա՞ն դպրոցներ, որոնք, այնուամենայնիւ, առաջին դասարանցիներ պիտի չունենան՝ նախարարը ցաւով նշած է, թէ կան։ «Վերջնական պատկերը դեռ պարզ չէ, բայց մի քանի տարի է՝ ունենք նման տենդենց: Օրինակ՝ Զանգեզուրում՝ լեռնային շրջաններում, կան դպրոցներ, որոնք չեն ունենայ առաջին դասարանցիներ», ըսած է Մկրտչեան։