ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- Սեպտեմբեր 1ին, Ֆրանսայի դպրոցական վերամուտը բացառիկ օր էր Ալֆորվիլի նորակառոյց «Գէորգ Արապեան» միջնակարգ վարժարանին համար, ուր առաջին անգամ ըլլալով 6րդ դասարանը կ՛ընդունէր սաներ, հինգ տղայ եւ հինգ աղջիկ:
Շէնքը, որուն պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ տարի մը առաջ, կը մէկտեղէ նախակրթարան եւ միջնակարգ վարժարաններ «Սուրբ Մեսրոպ-Արապեան կրթական համալիր» անուանումին տակ: Դպրոցը այս տարի ունի ընդհանուր թիւով 200 աշակերտ:
Վերամուտի օրը, վարժարանի բակին մէջ, հաստատութեան վարչական կազմին եւ Ալֆորվիլի ծերակուտական-քաղաքապետ Լիւք Գարվունասի ներկայութեամբ՝ աշակերտութիւնը խմբովին երգելով նախ Հայաստանի, ապա Ֆրանսայի փառերգները, սկսած է դպրոցական նոր տարեշրջանը: