ԵՐԵՒԱՆ.– Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ, «Ղարաբաղ-Ֆրանսա» բարեկամութեան շրջանակի ղեկավար Աշոտ Ղուլեան 26 Սեպտեմբերին ընդունած է «Ղարաբաղ-Ֆրանսա» բարեկամութեան շրջանակի նախագահ, Ֆրանսայի երեսփոխան Ֆրանսուա Ռոշպլուանն ու անոր ընկերակցողները։
Ողջունելով հիւրերը՝ Աշոտ Ղուլեան բարձր գնահատած է «Ղարաբաղ-Ֆրանսա» բարեկամութեան շրջանակի քաղաքական հետեւողական գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ վերջին շրջանին տարած աշխոյժ աշխատանքները՝ մշակոյթի եւ մարդասիրական բնագաւառներուն մէջ։
Ֆրանսուա Ռոշպլուան եւս լուսարձակի տակ առած է մշակութային կապերու, Արցախի մէջ ֆրանսերէնի եւ ֆրանսախօսութեան զարգացման կարեւորութիւնը, որ լուրջ խթան է երկկողմանի յարաբերութիւններու ընդլայնման ու ամրապնդման առումով: Ան հետաքրքրուած է սահմանին տիրող իրավիճակով, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ մեկնարկած սահմանադրական բարեփոխումներու գործընթացով:
Հանդիպումը շարունակուած է ընդլայնուած կազմով՝ «Ղարաբաղ-Ֆրանսա» բարեկամութեան շրջանակի անդամներուն մասնակցութեամբ: Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են համագործակցութեան ոլորտներու եւ բարեկամութեան շրջանակի յառաջիկայ ծրագիրներուն վերաբերեալ։