Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի մեծ ընտանիքը Կիրակի, 2 Հոկտեմբեր 2016ի երեկոյեան, մեծարանքի ճաշկերոյթով մը պատուեց Արամ Ա. կաթողիկոսը՝ անոր գահակալութեան 20ամեակին առիթով, մեր թեմին տուած այցելութեան իբրեւ վերջին հաւաքական նախաձեռնութիւն:
Մեծարանքի ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ «Քալիֆորնիա Քլապ»ի շքեղ սրահին մէջ, հիւրընկալութեամբ Հէրի եւ Շէրըլ Նաճարեան բարերար ամոլին:
Վեհափառ հայրապետին կողքին, պատուոյ սեղանին շուրջ կը գտնուէին առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան, Եփրեմ արք. Թապագեան, Վաչէ արք. Յովսէփեան, Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Յովհաննէսեան, Լոս Անճելըսի մէջ Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոս Ճոնի Իպրահիմ եւ կինը, ՀՅԴ Բիւրոյի, Կեդր. կոմիտէի, Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան ու թեմիս Ազգ. վարչութեան ներկայացուցիչները: Պաշտօնական հիւրերու շարքին էին Հայաստանի հիւպատոսութենէն՝ խորհրդական Ռազմիկ Ստեփանեան, Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Մայքըլ Անթոնովիչ եւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Փօլ Գրիգորեան, ինչպէս նաեւ կաթողիկոսութեան ու Ազգ. առաջնորդարանի «Կիլիկեան Իշխան» եւ «Կիլիկեան Ասպետ» շքանշանակիր բարերարներ ու բարեկամներ։
Երեկոյի բացման ու ողջոյնի խօսքը արտասանեց հանդիսավարը՝ Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վահէ Եագուպեան: Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի եւ Լիբանանի քայլերգները մեներգեց արուեստագէտ Րաֆֆի Քերպապեան, դաշնակի ընկերակցութեամբ՝ Յովսէփ Թորոսեանի: Սեղաններու օրհնութիւնը կատարեց վեհափառ հայրապետը: Յանուն թեմիս Ազգ. վարչութեան, ողջոյնի խօսք արտասանեց ատենապետ Վահէ Յովակիմեան, որ շնորհաւորեց վեհափառ հայրապետը եւ կանգ առաւ անոր եկեղեցանուէր, ժողովրդանուէր ու հայրենանուէր ծառայութիւններուն առջեւ, վերահաստատեց անվերապահ զօրակցութիւնը եւ Կիլիկեան Աթոռին մաղթեց նոր բարգաւաճում:
Բարի գալուստի իր խօսքը արտասանեց հիւրընկալը՝ Հէրի Նաճարեան, որ նոյնպէս ողջունեց վեհափառ հայրապետը, շնորհաւորեց զայն գահակալութեան 20ամեակին առթիւ, ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց թեմիս առաջնորդ սրբազան հօր ու Ազգային վարչութեան՝ սոյն հիւրընկալութեան հոգեկան ցն-ծութիւնը իրեն ընծայելու համար։ Յանուն ներկաներուն, ան երկար եւ առողջ կեանքի բարեմաղթութիւններ փոխանցեց վեհափառ հայրապետին։
Ողջոյնի խօսք արտասանեց նաեւ Հայաստանի դեսպանը՝ կեդրոնանալով վեհափառին իմա-ստուն առաջնորդի դերին վրայ՝ կրօնական, ազգային պահանջատիրական եւ այլ ծիրերու մէջ։ Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոսը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին եւ շեշտեց անոր առաջնորդողի դերը՝ միջազգային, միջինարեւելեան եւ Լիբանանի մակարդակներուն վրայ, ի խնդիր խաղաղութեան վերահաստատման, ինչպէս նաեւ՝ բազմերանգ գաղութներու համերաշխ գործակցութեան մէջ։
ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄ
Ընթրիքէն ետք, որուն ընթացքին դաշնակի վրայ նուագներ կատարեց Յովսէփ Թորոսեան, պաշտօնական յայտագիրը շարունակուեցաւ առաջնորդ սրբազանին ողջոյնի խօսքով եւ պարգեւատրումի արարողութեամբ:
Հանդիսավարը հրաւիրեց առաջնորդ սրբազանը, որպէսզի ներկայացնէ պարգեւատրեալները։
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան առաջին հերթին գոհունակութիւն արտայայտեց վեհափառ հայրապետին օրհնաբեր այցելութեան համար, շնորհաւորեց զայն՝ 20ամեակին առիթով, նշելով, որ վեհափառին ժամանումէն ի վեր տեղի ունեցած հանդիսութիւնները, ինչպէս այսօրուան տօնական ընթրիքը, եղան պերճախօս արտայայտութիւն մը մեր զգացումներուն, նուիրումին ու նուիրաբերումին: Ան ողջունեց նաեւ ներկայացուցչական անձնաւորութիւններն ու բարերարները եւ մասնաւորաբար հիւրընկալ ամոլը, որոնց նուիրաբերումն ու ներկայութիւնը յաջողութեամբ կը պսակեն երեկոն:
Առաջնորդ սրբազանը վերապահած էր անա-կնկալներ: Նախքան պար-գեւատրումի բաժինին անցնիլը, յանուն թեմիս Կրօնական ժողովին ու Ազգային վարչութեան, ան շնորհակալութեան յատուկ խօսք ուղղեց ճաշկերոյթի հիւրընկալ ամոլին՝ նշելով, որ տիար Նաճարեան իր մատուցած ծառայութեանց ու նուիրաբերումներուն համար արդէն իսկ պարգեւատրուած է «Կիլիկեան Իշխան» շքանշանով, որ բարձրագոյն շքանշանն է Ս. Աթոռոյս կողմէ շնորհուած. այս առիթով, ան վեհափառ հայրապետին կողմէ հիւրընկալ ամոլին նուիրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան վերջին հրատարակութենէն՝ «The Catholicosate of Cilicia: History, Treasures, Mission»էն օրինակ մը, իսկ մեծարանքի այս ճաշկերոյթի հիւրընկալութեան եւ Ազգային առաջնորդարանին հանդէպ ամոլին ցուցաբերացած զօրակցութեանց համար, սրբազան հայրը, յանուն թեմիս Կրօնական ժողովին ու Ազգային վարչութեան, երախտագիտութեան արտայայտութիւններով արձանագրուած գնահատանքի յատուկ յուշատախտակ մը նուիրեց տէր եւ տիկին Հէրի եւ Շէրըլ Նաճարեան ամոլին։
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան յայտարարեց, որ ընդառաջելով թեմիս ժողովականութեան ու իր խնդրանքին, նաեւ՝ «Ծառայութեան Տարուան» ծիրին մէջ, վեհափառ հայրապետը «Կիլիկեան Իշխան» ու «Կիլիկեան Ասպետ» շքանշաններով կը պարգեւատրէ հինգ ազգայիններ, որոնք տարիներէ ի վեր վաստակ կերտած են իրենց նուիրաբերումներով, ազգօգուտ ծառայութիւններով ու աշխատանքի պատրաստակամութեամբ: «Կիլիկեան Իշխան» շքանշանին արժանացան տէր եւ տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեան ու տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Հիլտա Պաղտասարեան բարերար ամոլները, իսկ «Կիլիկեան Ասպետ» շքանշանին՝ ազգայիններ տէր եւ տիկին Չարլի եւ Ճուլիա Կալեան, տէր եւ տիկին տոքթ. Վաչէ եւ Շուշիկ Գապայեան ու տէր եւ տիկին տոքթ. Յակոբ եւ Լիւսի Տիգրանեան ամոլները: Առաջնորդ սրբազանը հակիրճ կերպով ներկայացուց անոնց նուիրեալ ծառայութիւններն ու վաստակը, ի սպաս մեր թեմին, կրթական ու ազգային հաստատութեանց: Վեհափառ հայրապետը պարգեւատրեալներուն շնորհեց համապատասխան շքանշանները:
Պարգեւատրման յաջորդեց ե-րաժշտական բաժին մը՝ կատարողութեամբ մեներգող Դալար Տէկիրմէնճեանի, որուն, դաշնակի վրայ ընկերացաւ Վիքթորիա Սիմոնեան: Սոփրանօ Դալար Տէկիրմէնճեան յատկապէս այս առիթին համար ժամանած էր Պրիւքսէլէն, սիրայօժար իր մանակցութիւնը բերելու մեծարանքի սոյն ճաշկերոյթի գեղարուեստական բաժինին։
ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԻՆ ԽՕՍՔԸ
Իր շնորհաւորանքի խօսքին մէջ, առաջնորդ սրբազանը առաջին հերթին հակիրճ կերպով անդրադարձաւ վեհափառ հայրապետին աւելի քան 20 տարիներու ծառայական կեանքին, որ կերտուած է իբրեւ հաւատքի առաքելութիւն: Ան խօսեցաւ Անթիլիասի Մայրավանք մուտքէն ի վեր վեհափառին կտրած ճամբուն եւ կերտած վաստակին մասին, որ իրականացած է գիրով, շինարարութեամբ, դաստիարակի աշխատանքով, միջեկեղեցական ու միջկրօնական կալուածներու մէջ մեծ ներդրումներով, մանաւանդ նաեւ՝ Հայաստանին, Արցախին ու Հայկական Սփիւռքին իր մատուցած ծառայութիւններով։
Առաջնորդ սրբազանը կարեւորութեամբ կանգ առաւ նաեւ Հայ Դատին ու մեր ազգային իրաւունքներու հետապնդման ճամբու իրագործումներուն վրայ եւ ըսաւ. «Ձերդ սրբութիւնը անցեալ աւելի քան 20 տարիներուն եղած է ու կը մնայ մեր ազգային ու եկեղեցական իրաւունքներու պաշտպան դրօշակիրն ու ռահվիրան: Կրօնական առաջնորդներու եւ պետական անձնաւորութեանց հետ Ձերդ սրբութեան հանդիպումները, միջազգային ժողովներու եւ համագումարներու բեմերը առիթ եղած են աշխարհին յիշեցնելու եւ կրկին անգամ հնչեցնելու հայութեան արդարատենչ ու պահանջատէր ձայնը: Այս ճամբուն վրայ, նորագոյն բարձունք մը նուաճեցիք Ցեղասպանութեան 100ամեակի հանգրուանին, երբ մեր 1.5 միլիոն նահատակներու հաւաքական սրբադասութեան օրերուն, մեր Դատի դրօշը փոխադրեցիք իրաւական դաշտ՝ դատական հարց յարուցելով ցեղասպան Թուրքիոյ կառավարութեան դէմ. սա հանդիսացաւ նոր քայլ մը այն ուղիին վրայ, որ նախապէս բացուած էր՝ Թուրքիոյ մէջ եկեղեցապատկան ու ազգային կալուածներու վերատիրացման պահանջի հանգրուանին, եւ որ համապատասխան ու արդար արձագանգ գտաւ միջազգային պետական շրջանակներու մէջ»:
Առաջնորդ սրաբազանը ապա բարի մաղթանքներ կատարեց եւ հաստատեց, թէ այս երեկոյեան ու այլ առիթներով մեր նուիրաբերումները պիտի ըլլան արտայայտութիւնը եկեղեցւոյ ու Ս. Աթոռին մեր հաւատարմութեան, զօրակցութեան ու առա-քելութեան մասնակցութեան:
Իր խօսքի աւարտին, սրբազանը յայտնեց, թէ համաձայն բարի աւանդութեան, վեհափառ հայրապետը մնայուն կերպով կ՛ընդառաջէ իր ու մեր թեմի ժողովականութեան խնդրանքին, եւ շքանշաններ ու օրհնութեան գիրեր կը շնորհէ նուիրեալ ու ծառայող ազգայիններու: «Այս երեկոյ, վեհափառ հայրապետին արտօնութեամբ, կ՛ուզենք մեր երախտագիտութիւնը խորհրդանշող նուէր մը յանձնել նորին Ս. օծութեան», ըսաւ առաջնորդը եւ թեմին անունով վեհափառ հայրապետին նուիրեց Քրիստոսի պատկերը կրող «Հաւատքի Առաքեալը» ադամանդակուռ շքանշանը՝ տրամադրուած տէր եւ տիկին Վաղարշակ եւ Նարինէ Գրիգորեան ամոլին կողմէ, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նշանակը կրող ադամանդակուռ զարդ մը՝ տրամադրուած տէր եւ տիկին Հայկ եւ Կիլտա Թագորեան ամոլին կողմէ, իբրեւ լրացուցիչ նուէր՝ հինգ տարի առաջ վեհափառ հայրապետին անոնց նուիրած ադամանդակուռ մատանիին, որ նմանապէս կը կրէր կաթողիկոսութեան նշանակը։
Յայտնենք, որ պաշտօնական յայտագիրի բացումէն առաջ, ընկերային հիւրասիրութեան ժամուն, վեհափառ հայրապետը, առ ի գնահատանք իրենց մեծագումար նուիրաբերումին ու բազմամեայ ծառայութեանց, կաթողիկոսութեան պատկերազարդ պատմութիւնը ներկայացնող նորագոյն հրատարակութենէն օրինակներ նուիրեց Կիլիկեան Իշխաններ եւ ազգային բարերարներ՝ տէր եւ տիկին Վահան եւ Անոյշ Շամլեան ու տէր եւ տիկին Վահէ եւ Վերոնիք Կարապետեան ամոլներուն։ Ինչպէս նաեւ, Տէրունական աղօթքի արձանագրութեամբ բիւրեղեայ յուշանուէր մը ընդունեց Նազ Աթիքեանի կողմէ։
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, իր խօսքի աւարտին, յոտնկայս ծափողջոյններով հրաւիրեց վեհափառ հայրապետը՝ փոխանցելու իր պատգամը։
ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ
Նախքան իր պատգամը, վեհափառը նշեց, թէ այս տարի իր գահակալութեան 21րդ ամեակն է, իսկ թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի՝ իբրեւ թեմիս առաջնորդ ծառայութեան 20ամեակը։ Վեհափառ հայրապետը այս առթիւ յայտնեց, թէ հոգեւորականները շքանշաններով չեն պարգեւատրուիր, սակայն առ ի գնահատանք առաջնորդ սրբազանի երկար տարիներու նուիրեալ ծառայութեան, սրբազան հօր նուիրեց հոգեւորականներու շնորհուած բարձրագոյն շքանշանը՝ Վերջին Ընթրիքի խորհրդապատկերով պանակէ մը։
Վեհափառ հայրապետը հաստատեց, որ իր կեանքի ծառայութեան հիմնակէտը եղած է՝ տալու եւ ոչ թէ առնելու սկզբունքը, հետեւելով Քրիստոսի օրինակին, որ մարդկութեան փրկութեան համար մինչեւ իսկ իր կեանքը տուաւ խաչին վրայ. տալը հոգեկան գոհունակութեան ու մեծութեան աղբիւր է: Քրիստոսի օրինակով պէտք է ծառայել եկեղեցւոյ, ժողովուրդին, հայրենիքին եւ մարդկային բարձր արժէքներուն: Ան այս ոգիով ողջունեց ներկաները՝ նկատելով, որ սրահին մէջ ի մի համախմբուած են շրջանիս տարբեր համայնքներու եւ միաւորներու ներկայացուցիչներ, սակայն կենսական կարեւորութիւն ունի այդ զանազանութիւնները վերածել ուժի, հարստացման աղբիւրի եւ ներդաշնակ գործի, որովհետեւ հասարակաց նպատակներ ու արժէքներ կը միացնեն բոլորս: Զանազանութիւնները պահպանելով հանդերձ, անհրաժեշտ է դիմագրաւել հասարակաց մարտահրաւէրները եւ զգալ, որ կը պատկանինք իրարու:
«Հիմնական պատգամս հետեւեալն է», շարունակեց վեհափառ հայրապետը. «Տարեդարձները երախտագիտութիւն արտայայտելու եւ տօնակատարելու առիթներ են, նաեւ առիթ են ինքնաքննարկումի եւ անդրադառնալու, թէ իբրեւ անհատներ ու հաւաքականութիւն՝ ո՞վ ենք: Տարեդարձները նաեւ առիթ են յետադարձ ակնարկով մը գնահատելու մեր իրագործումները եւ անդրադառնալու ձախողութիւններուն, ապա նաեւ յստակ պատկերացումով նայելու ապագային: Մեր կեանքի մղիչ ուժն ու իմաստաւորողը պէտք է ըլլայ յստակ նպատակի մը հետապնդումը, իսկ իբրեւ քրիստոնեաներ՝ կը հաւատանք, որ մեր կեանքերը կապուած են իրարու, ունինք դրացիներ, գործակիցներ, ընտանիքի անդամներ, չենք կրնար ապրիլ մեկուսացման մէջ, մենք կապ ունինք մեր ազգին, հայրենիքին, Արցախի, Հայաստանի եւ հոգեկան արժէքներու հետ. անոնց միջոցով կապուած ենք իրարու»:
Արամ Ա. վեհափառը յիշեցուց, որ իբրեւ կաթողիկոս՝ ինքզինք միշտ նկատած է Աստուծոյ ու ժողովուրդին ծառան, յաճախ յիշեցուցած է, թէ եկեղեցին սոսկական հաւաքատեղի մը կամ վարչական կեդրոն մը չէ, այլ հաւատացեալներու հաւաքականութիւնն է. իսկ հոգեւորականի կոչումն է ըլլալ եկեղեցւոյ, ազգին ու ժողովուրդին սպասարկուն. պէտք է ինքնաքննարկումի դիմենք, տեսնելու համար, թէ որքանո՛վ կ՛իրականացնենք այս յանձնառութիւնը: Եկեղեցին ժողովուրդին տանիլը առաջնահերթ կարեւորութիւն ունի, որովհետեւ պատերու ետին ամփոփուող եկեղեցի մը իր նպատակին չի ծառայեր: «Մենք Քրիստոսի դեսպաններն ենք, առաքեալները, համարատու ենք Աստուծոյ առջեւ, ուստի մեր պարտքն է մեր բոլոր կարողութիւնները նուիրաբերել եկեղեցւոյ, հայրենիքին ու ժողովուրդին: Իբրեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս, պիտի շարունակեմ նուիրաբերումի նոյն ուղին՝ առաջնահերթ նպատակ ունենալով հոգեկան արժէքներու պահպանումը եւ միասնութիւնը», շեշտեց վեհափառ հայրապետը եւ իր խօսքը եզրափակեց՝ գնահատելով առաջնորդ սրբազանը՝ այս այցելութեան յաջող կազմակերպման համար. ան նաեւ ողջունեց առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանը եւ նշեց, թէ երկու սրբազան հայրերուն ներկայութիւնը գործնական պատգամ մըն է ինքնին, եւ թէ մենք պէտք է մեզ բաժանող պատերը քանդենք, նախաձեռնենք մեզ ի մի բերող քայլերու:
Յայտնենք, որ այս ձեռնարկին առիթով, վեհափառին անունով ու Դպրեվանքին ի նպաստ հաստատուած «Արամ Ա. Կաթողիկոս» հիմնադրամին համար կատարուեցան առատաձեռն նուիրատուութիւններ, որոնց ցանկը կը հրապարակենք անջատաբար։
Մեծարանքի երեկոն վերջ գտաւ վեհափառ հայրապետի «Պահպանիչ»ով եւ «Կիլիկիա» մաղթերգով:
——————————————————————————-
Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ Բարձրաշնորհ Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան,
Կրօնական Ժողովն ու Ազգային Վարչութիւնը եւ Հայրապետական այցելութեան
համա-ատենապետները անհուն շնորհակալութիւն կը յայտնեն Մեծարանքի Ճաշկերոյթի
Հիւրընկալ Կիլիկեան Իշխան Տէր եւ Տիկին Հէրի եւ Շէրըլ Նաճարեան ամոլին։
Յատուկ շնորհակալութիւն Կիլիկեան Իշխաններ՝
Տէր եւ Տիկին Վահան եւ Անոյշ Շամլեան եւ
Տէր եւ Տիկին Վահէ եւ Վերոնիք Կարապետեան ամոլներուն։
Շնորհակալութիւն նաեւ բոլոր նուիրատուներուն, բարերարներուն ու ազգայիններուն,
որոնք բարոյապէս եւ նիւթապէս զօրակցեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի
շնորհաբեր այցելութեան առթիւ կազմակերպուած նախաձեռնութիւններուն։
Ստորեւ Մեծարանքի Ճաշկերոյթին նուիրատուներու ցանկը
$100,000
Mr. & Mrs. Vahan & Anoush Chamlian
$50,000
Mr. & Mrs. Vahe & Veronique Karapetian
$25,000
Mr.& Mrs. Hacop & Hilda Baghdassarian & Family
Mr. & Mrs. Varant & Hoori Melkonian
$15,000
Mr. & Mrs. Bedig & Maro Fermanian
$10,000
Dr. & Mrs. Scott & Jane Asmar
Mr. & Mrs. Garbis & Mayda Bezdjian
Mr.& Mrs. Vache & Lena Fermanian
Hon. Walter Karabian
Mr. & Mrs. Osko & Yeran Karaghossian
Mr. & Mrs. Krikor & Kohar Sulahian
& Mr.& Mrs. Dikran & Peggy Sulahian
$9,000
Mrs. Jeanette Zakari
Dikranian Family
$5,000
Mr. & Mrs. Adour & Arsho Aghjayan
Mr. & Mrs. Bedig & Amy Azar
Mrs.Tamara Barsamian
Mr. & Mrs. John & Asdghig Bedrosian
Mr. & Mrs, Manas & Donalee Boujikian
Mr. & Mrs. Garo & Sosse Eshgian
Mr. &Mrs. Charles & Julia Ghailian
Mr. & Mrs. Levon & Zaroug Gugasian
Mr. & Mrs. Haig & Argine Kelegian
Mr. & Mrs. Levon & Silva Kirakosian
Mr. & Mrs. Sarkis & Suzan Kitsinian & Family
Mr. & Mrs. Raffi & Aleen Kradjian
Mr. & Mrs. Sahag & Suzan Majarian
Mr. & Mrs. Gary & Arsine Phillips
Mr. & Mrs. Joe & Nvair Samuelian
Mr. & Mrs. Hacob & Mina Shirvanian
Mrs. Silva Tchakmakjian
Mr. & Mrs. Ralph & Savey Tufenkian
$3,000
Dr. & Mrs. Kalousd & Ani Agopian
Dr. & Mrs. Mihran & Elizabeth Agbabian
Mr. & Mrs. Bedros & Ani Ajemian
Mr. & Mrs. Armen & Ani Akian
Mr. & Mrs. Eddie & Talin Amroyan
Mr. & Mrs. Levon & Mary Arabian
Mr. & Mrs. Diran & Shakeh Aroyan
Mr. & Mrs. Artur & Armine Artenyan
Dr. & Mrs. Meher & Nina Babian
Mr. & Mrs. Greg & Nella Badalyans
Mr. & Mrs. Alec & Alenoush Baghdasaryan
Mr. & Mrs. Mimo & Yvette Baroyan
Mr. & Mrs. Serop & Arsho Beylerian
Mr. & Mrs. Vahan & Nora Bezdikian
Mr. & Mrs. Albert & Tove Boyadjian
Mr. & Mrs. Hovsep & Elizabeth Boyajian
Mr. & Mrs. Berj & Hera Boyajian
Dr. & Mrs. Vache & Shoushig Cabayan
Mr. & Mrs. Albert & Diane Cabraloff
Mr. & Mrs. Peirre & Kathy Chraghchian
Mr. & Mrs. Sarkis & Siroon Derderian
Dr. & Mrs. Krikor & Metti Doumanian
Mr. & Mrs. Ronald & Goharik Gabriel
Mr. & Mrs. Rafi & Shake Garabedian
Mr. & Mrs. Vahe & Eva Gharibian
Mr. & Mrs. Ronie & Agneta Gharibian
Mr. & Mrs. Ghazaros & Betty Ghazarossian
Mr. & Mrs. Vagharshak & Narine Grigoryan
Golden State Bank
Mr. & Mrs. Tony & Arous Hanna
Mr. & Mrs. Vahe & Hasmig Hovaguimian
Mr. & Mrs. Krikor & Magda Hovsepian
Mr. & Mrs. Zareh & Meline Isakhanian
Mr. & Mrs. Herair & Kohar Jermakian
Mr. & Mrs. Mike & Sonia Joulakian
Mr. & Mrs. Kevork & Mirna Kacharian
Mr. & Mrs. Berj & Rita Kaprielian
Mr. & Mrs. Berj & Anna Karaghossian
Mr. & Mrs. Kevork & Satenig Karajerjian
Mr. & Mrs. Berdj & Mary Karapetian
Mr. & Mrs. Antranik & Sosy Kasbarian
Mr. & Mrs. Hamo & Tina Kasbarian
Dr. & Mrs. Armen & Armineh Kassabian
Mr. & Mrs. Zohrab & Sona Kassabian
Mr. & Mrs. Sahak & Janet Kazangian
Mr. & Mrs. Avo & Michelle kechichian
Mr. & Mrs. Sevak & Jurgita Khatchadourian
Mr. & Mrs. Rafik & Helly Khatchaturian
Mrs. Haigoush Kohler
Mr. & Mrs. Hagop & Sonia Koujakian
Mr. & Mrs. Garo & Vicky Kurkjian
Mr. & Mrs. Ara & Carin Kurkjian
Mr. & Mrs. Harout & Vicky Marashlian
Mr. & Mrs. Ared & Karin Menzilcian
Mr. & Mrs. Peklar & Vera Pilavjian
Mrs. Sossy Pilavjian & Family
Mr. & Mrs. Haig & Siroun Reshdouni
Mr. Apo Saghdejian
Mr. & Mrs. Bill & Christine Sahatdjian
Dr. Mike Sarian & Family
Mr. & Mrs. Sarkis & Nune Sepetjian
Mr. & Mrs. Ara & Tina Shabanian
Mr. & Mrs. Mark & Margaret Shirin
Mr. & Mrs. Kosti & Marion Shirvanian
Mr. John Simonian
Mr. & Mrs. Antranig & Arpi Sinanian
TF Educational Foundation
Mr. & Mrs. Haig & Gilda Tacorian
Mr. & Mrs. Apraham & Nora Tashjian
Mr. Vant Tashdjian
Mr. & Mrs. Vahe & Silva Tashjian
Mr. & Mrs. Ara & Aleen Tchaglassian
Mr. & Mrs. Zeron & Sona Titizian
Mr. Koko Topalian
Mr. & Mrs. Vahe & Nora Yacoubian
Mr. & Mrs. Sarkis & Manoushag Yegenian
Mr. & Mrs. Alex & Arda Yemenidjian
Mr. & Mrs. Khatchig & Mariam Yeretsian
Mr. & Mrs. Gaidzag & Dzovig Zetlian
$1,500
Mr. & Mrs. Paul & Nar Yergat
$1,000
Mr. & Mrs. Leon & Sousanna Alexander
Mr. & Mrs. Vahan & Dita Boulghourjian
Mr. & Mrs. George & Araxie Titizian
$500
Mr. & Mrs. Dikran & Hoori Berberian