ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ամերիկացի դիւանագէտ Ճէյմզ Ուորլիք յայտնած է, թէ պիտի հեռանայ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահի պաշտօնէն: Ան որոշած է իր դիւանագիտական գործունէութիւնը աւարտել, եւ իր վերջին առաքելութիւնը պիտի աւարտի Դեկտեմբեր 31ին:
«Ինծի համար պատիւ էր արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ աւելի քան 30 տարի աշխատիլ», գրած է դիւանագէտը:
Ան նաեւ նշած է, որ յառաջիկայ տարի ան գործընկեր պիտի դառնայ Ռուսիոյ ամենամեծ եւ հեղինակաւոր իրաւաբանական ընկերութեան՝ «Եկորով, Փուկինսքի, Աֆանասեւ եւ Գործընկերներ»ին: