ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար».- «Ալմայատին» կայանի թղթակիցը յայտնեց, թէ այսօր սուրիական բանակը իր ամբողջական հակակշռին տակ առած է Արեւելեան Հալէպի Շաար շրջանը։
Այսօր, 6 Դեկտեմբերի ուշ գիշերին, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ հաւաքական կերպով նահանջեցին Հին Հալէպի ամբողջ տարածքէն։
Ոմանք համաձայնեցան յանձնուիլ սուրիական բանակին՝ վար առնելով իրենց զէնքերը։
Սուրիակսն բանակը իր ամբողջական հակակշռին տակ առաւ Հին Հալէպի Աղիոր, Քասթըլ Հարամի, Պապ ալ Հատիտ եւ մերձակայ թաղամասերը։
Կը սպասուի սուրիական բանակի հրամանատարութեան պաշտօնական յայտարարութիւնը այս ուղղութեամբ։