ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Նոյեմբերի ընտրութիւններէն շատ չանցած, յօդուած մը գրած էի՝ առաջարկելով ամերիկահայերուն ամէն ջանք գործադրել՝ կապ հաստատելու համար նորընտիր նախագահ Թրամփի կամ անոր օգնականներուն հետ, մինչեւ Յունուար 20ի նախագահական երդմնակալութիւնը, որմէ ետք շատ աւելի դժուար կ՛ըլլայ կապուիլ նախագահին հետ:
Ուրախ եմ յայտնելու, որ վերջերս նման յաջող կապ ստեղծուեցաւ գլխաւորաբար Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Յովհաննիսեանի եւ Կլենտէյլի Prime Health Care-ի նախագահ Մայք Սարեանի համատեղ ջանքերով: Վերջինս սերտ կապեր ունի Միացեալ Նահանգներու Հանրապետական կուսակցութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու հետ:
Ասոր իբրեւ արդիւնք, նորընտիր փոխնախագահ Մայք Փենս Դեկտեմբեր 1ին հեռաձայնեց նախագահ Սերժ Սարգսեանին, շնորհակալութիւն յայտնելով՝ նորընտիր նախագահ Թրամփին նախապէս ուղղուած անոր շնորհաւորական նամակին համար: Ըստ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնական կայքին՝ Փենս եւ Սարգսեան ընդգծած են Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ տնտեսական եւ քաղաքական յարաբերութիւններու ընդլայնման կարեւորութիւնը: «Անդրադարձ եղած է նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող օրակարգային հարցերուն, այդ շարքին՝ տարածաշրջանային խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն»:
ՀՀ նախագահի պաշտօնական կայքը յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած է այն հանգամանքին, որ Փենս-Սարգսեան «հեռաձայնային զրոյցը կայացած է ամերիկեան կողմի նախաձեռնութեամբ»: Ի տարբերութիւն Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի եւ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի կողմէ համապատասխանաբար Նոյեմբեր 9ին եւ 17ին կատարուած նորընտիր նախագահ Թրամփի հեռաձայնային հաղորդակցութեան, նորընտիր փոխնախագահ Փենսի հեռաձայնային զրոյցը Սարգսեանի համար քաղաքականապէս աւելի արժէքաւոր է…: Հնարաւոր է, որ Թրամփ խնդրած է Փենսէն հեռաձայնել Սարգսեանին՝ Ներկայացուցիչներու տան մէջ անոր 10ամեայ պաշտօնավարման ընթացքին հայկական հարցերուն ծանօթ ըլլալուն պատճառով: Քոնկրեսական Փենս, իբրեւ Ներկայացուցիչներու տան Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամ, 2005 թուականին քուէարկած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի օգտին, սակայն 2007 եւ 2010 թուականներուն դէմ քուէարկած է նոյնանման բանաձեւերուն՝ անհանգստութիւն յայտնելով Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա յարաբերութիւններու հնարաւոր հետեւանքներուն առնչութեամբ:
Էրտողանի եւ Ալիեւի միւս անբարենպաստ կացութիւնը այն էր, որ անոնց հեռաձայնները, ամենայն հաւանականութեամբ, կազմակերպուած էին միլիոնաւոր տոլարներով վարձակալուած ուաշինկթընեան հանրային յարաբերութեանց եւ լոպիիստական ընկերութիւններու միջոցով, իսկ Հայաստան ոչ մէկ լումայ ծախսած է Փենս-Սարգսեան հեռաձայնային զրոյցին համար: Այս յաջողած կապը Թրամփի նորընտիր վարչակազմին հետ կ՛ապացուցէ ամերիկեան քաղաքական կեանքին մէջ ներգրաւուած ըլլալու կարեւորութիւնը, որ անհրաժեշտութեան պարագային նման կարգադրութիւններու կազմակերպումը աւելի կը դիւրացնէ:
Բացի այս, Թրամփի եւ շարք մը այլ երկիրներու ղեկավարներու միջեւ հեռաձայնային զրոյցները, ներառեալ Թայուանի, Թուրքիոյ եւ Փաքիստանի, արժանացած են ամերիկեան լրատուական միջոցներու խիստ քննադատութեան: Չինաստանի ղեկավարները հիասթափուած են, որ Թրամփ զրուցած է Թայուանի նախագահին հետ: Միացեալ Նահանգներու ոչ մէկ նախագահ կամ նորընտիր նախագահ նման բան ըրած էր 1979 թուականէն ի վեր, համաձայն Միացեալ Նահանգներու «Մէկ Չինաստան» քաղաքականութեան, որ Թայուանը կը ճանչնայ իբրեւ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութեան մաս:
Թուրքիոյ կապուած տարաձայնութիւնը կը ներառէ Իվանքա Թրամփի մասնակցութիւնը նախագահ Էրտողանի հետ իր հօր հեռաձայնային զրոյցին, որ ոմանց կողմէ կը դիտարկուի իբրեւ շահերու բախում: Իվանքան սերտօրէն կապուած եղած է Պոլսոյ մէջ «Թրամփ թաուըրներ»ու ծրագիրին եւ թուրք գործարար Մեհմետ Ալի Եալչինտաղի հետ: 2012ին ան ներկայ գտնուած է Պոլսոյ մէջ «Թրամփ թաուրներ»ու բացման արարողութեան: Հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին Թրամփ ըսած է Էրտողանին, որ ինք եւ Իվանքան հիացած են իրմով եւ Եալչինտաղով: Թրամփի շռայլ խօսքերը նախատեսուած էին մեղմելու աւելի կանուխ անոր յայտարարած ծրագիրները՝ արգիլելու բոլոր մահմետական գաղթականներու մուտքը Միացեալ Նահանգներ:
Այդ ժամանակ, ի պատասխան, Էրտողան պահանջած էր Թրամփի անունը հանել Պոլսոյ «թաուըրներ»էն:
Նորընտիր նախագահ Թրամփ մէկ այլ հեռաձայնային վիճայարոյց զրոյց ունեցած է Փաքիստանի վարչապետ Նաւազ Շարիֆի հետ: Յղումներ կ՛ըլլան Թրամփի կողմէ կատարուած շռայլ գովասանքներուն՝ Փաքիստանի, անոր ժողովուրդին եւ մշակոյթին վերաբերեալ, եւ ասոր կը յաջորդէ Միացեալ Նահանգներու կարեւոր դաշնակից եւ Փաքիստանի ոխերիմ թշնամի Հնդկաստանի շատ կոշտ պատասխանը: Սակայն, 2012ին, Թրամփ «թուիթըր»եան գրառում մը կատարած է. «Լաւ հասկցէ՛ք, Փաքիստանը մեր բարեկամը չէ: Մենք անոնց միլիառաւոր ու միլիառաւոր տոլարներ տուած ենք, իսկ ի՞նչ ստացած ենք. դաւաճանութիւն եւ անարգանք եւ շատ աւելի վատ բաներ: #TimeToGetTough (Ժամանակն է աւելի խիստ ըլլալ)»:
Վերջապէս, ընթերցողները հաւանաբար կը յիշեն, որ իմ նախորդ յօդուածիս մէջ ես դրական գնահատած էի Հայաստանի իշխանութիւնները, որոնք արգելք դրած էին Փաքիստանի՝ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ դիտորդի կարգավիճակ ստանալու խնդրանքին վրայ, ինչ որ պայմանաւորուած էր Փաքիստանի ատրպէյճանամէտ, թրքամէտ եւ հակահայաստանեան ու հակաարցախեան քաղաքականութեամբ: Թրքական լրատուական միջոցները տարածած էին յօդուածս, սակայն սխալմամբ Հայաստանի կառավարութեան վերագրելով իմ չորս առաջարկները՝ հակազդելու Փաքիստանի, ՄԱԿի, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի, Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) մէջ եւ աջակցիլ Հնդկաստանին՝ Փաքիստանի հետ Քաշմիրի հակամարտութեան մէջ:
Ամերիկահայերը պէտք է շարունակեն իրենց ջանքերը՝ մշակելու լաւ յարաբերութիւններ Թրամփի վարչակազմին եւ Քոնկրեսի անդամներուն հետ՝ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ՝ Ուաշինկթընի մէջ անոնց մեծածախս լոպիիստական ընկերութիւններու բոլոր հակահայկական փորձերուն հակազդելու համար…
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ