ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հայկական իրականութեան մէջ տարուան մարդը ընտրելու աւանդոյթ չկայ: Երանի՜ ըլլայ: Ընտրութեան գործընթացը, մանաւանդ եթէ անցնի իսկապէ՛ս արդար ու համընդհանուր քննարկման բովէ մը, ազգային մեր արժէքները կրողներու փառաւորման ճամբով՝ այդ արժէքներուն տարածումը կ՛ապահովէ:
Եկէք, պարզապէս իբրեւ առաջին փորձ, հայութեան համար այս տարուան մարդը ընտրելու աշխատանքի ձեռնարկենք՝ աւելի մասնագիտական գործընթաց մը կազմակերպելու պատասխանատուութիւնը յանձնելով անոնց, որոնք հետագային պիտի ստանձնեն նման ծրագիրի մը իրականացումը:
«Ասպարէզ»ի ընթերցողներուն դիմելով՝ կը խնդրենք, որ մինչեւ Դեկտեմբեր 22, մեզի փոխանցեն, իրենց կարծիքով, հայութեան համար (Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի) 2016ին ամէնէն նշանակալի գործը կատարած անձի իրենց թեկնածուին անունը՝ շատ հակիրճ բացատրութեամբ մը, թէ ինչո՛ւ յանգած են այդ անձի անունին:
Ո՛չ նախապաշարելու, բայց պարզապէս գաղափար մը փոխանցելու համար, կ՛ուզեմ տալ քանի մը անուններ, որոնք, իմ կարծիքով՝ կրնան նկատուիլ հայութեան համար այս տարուան մարդը.
Ռոպեր Ապաճեան, զինք նկատելով նաեւ խորհրդանիշ՝ Ապրիլի քառօրեայ պատերազմի օրերուն հայրենի հողը պաշտպանելու ընթացքին իրեն հետ նահատակուած զինուորներուն:
Գըրգ Գըրգորեան՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը մեծ պաստառի վրայ ներկայացնելու երկար տարիներու մեր ցանկութիւնը իրականացնելուն համար:
Ռուբէն Վարդանեան՝ Հայաստանի ապագան աւելի՛ ամուր հիմերու վրայ դնելու ուղղութեամբ իր ձեռնարկած աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն համար: Այս մակարդակի վրայ, կ՛ուզեմ անցեալէն եկած ցանկութիւն մըն ալ յայտնել՝ Սամ Սիմոնեանը նկատելով «Թումօ»ի ստեղծման տարուան հայ մարդը:
Կարծեմ պա՛րզ է ակնկալուածը: Եթէ յարմար կը նկատէք մասնակցիլ՝ հրամմեցէ՛ք: Կրնաք նաեւ առարկել գաղափարին նպատակայարմարութեան մասին։
Պիտի նախընտրէի ամսուան մարդը ընտրել ամէն ամիս որպէսզի բոլորին կարգ տրուի:
Սա՝ ամերիկեան աւանդոյթ է եւ լաւ պիտի ըլլար, որ հոն ալ մնար, թէեւ արդէն իսկ հող գտած է այլ տեղեր: «Երանի ըլլար»դ մտաբերել կու տայ «անանուններ»ը , որոնք ճակատագրուած են ընդմիշտ անանուն մնալու…: Նախաձեռնութիւնը թերեւս կարելի էր նպատակայարմար նկատել , եթէ անիկա սահմանափակուէր Գալիֆորնիոյ մէջ, այսինքն՝ թէ’ առաջարկողները եւ թէ’ առաջարկուողները ըլլային օրաթերթիդ ընդգրկած տարածքէն: Այս գրառումը պարզապէս կոչիդ արձագանգելու համար է:
Եթէ յաջողինք անհատապաշտութեան ձգտումներէն, նիւթապաշտութենէն եւ այլազան ճղճիմ քարոզչական նպատակներու ծառայեցնելէն վեր մնալ, լաւ մօտեցում է մեր՝ հայրենիքի եւ սփիւռքի հայութեան յարգանքը արտայայտելու:
Իմ առաջարկը, այս տարուան համար՝ «Հայ զինուորը» (առանց առանձնացնելու մէկը), նահատակուած, վիրաւորուած, թէ ողջ-առողջ: Կարեւորը՝ ան կատարեց ամէնէն տարրական յանձնառութիւնը:
Հիանալի գաղափար եւ յոյսով եմ որ կ’ունենաք բաւականին մասնակիցներ:
Չորս յիշուած թեկնածուներն ալ հիանալի անձնաւորութիւններ են իրենց հերոսական աշխատանքին ու նուիրուածութեան համար: Իմ առաջարկած թեկնածուս է Սէմ Սիմոնեանը իր գալիք սերունդին համար տարած անձնուէր ու անշահախնդիր աշխատանքին համար: Թումոյի բացման օրը ներկաներուն հետ բաժնեկից եղան հետեւեալ տողերը «Թումոյում մենք հավատում ենք, որ փոքր քայլերը կտանեն դեպի առավել գործուն եւ բարգավաճ սերունդներ: Հուսով ենք որ, այստեղ՝ Թումանյանի այգում, մեղրի խոհեմ մի կաթիլը կարող է զինել այսօրվա պատանիներին տեխնիկական եւ ստեղծարար հմտություններով՝ վաղվա Հայաստանը կերտելու համար:» Եւ այսօր, հինգ տարի ետք կը տեսնենք Թումոյի մէջ, Թումոյի պատճառով, Թումոյի շնորհիւ տեղի ունեցած յաղջողութիւնները, ձեռք բերուած հմտութիւններն ու յառաջացումները: Եւ այս բոլորը Հայ պատանիին տրամադրուած միշտ սիրով: Ես այս կը կոչեմ Թումոյի կախարդանքը – The Magic of Tumo!

My late husband and I admired what Sam and Sylva Simonian have done to Armenia by establishing TUMO> It is a brilliant concept and it is an on going wondefrul project. I visited the center in Yerevan and I was very touched and impressed.
I would like nominate Sam to be the recipient of Man Of The Year Award.
Respectfully,
Annie Graham