ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ
Վերջին շրջանին, հասարակական ցանցերու վրայ տարածուեցաւ շարք մը հայ «աստղ»երու, դերասաններու եւ արուեստագէտներու յայտարարութիւնը, որուն միջոցաւ վերջիններս հանդէս եկան ըսելու, թէ կ՛ուզեն մասնակցիլ Ապրիլ 2017ին Հայաստանի մէջ կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն՝ որպէս (միջազգային, եթէ կարելի է այդպէս որակել) դէտեր:
Զարմանալի կամ ապշեցուցիչ չէր այս արարքը, տրուած ըլլալով, որ անվստահութեան անջրպետը օրէ օր կը խորանայ Ափիւռքի եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն միջեւ, այս վերջիններուն շատ յաճախ ապիկար քաղաքականութեան, ինչու չէ նաեւ պաճառով այն տարբեր օրակարգերուն, որոնք կը դրուին սփիւռքեան կազմակերպութիւններու եւ Հայաստանի պետութեան մօտ: Փտածութեան, մարդու իրաւունքներու ոտնհարման, աղքատութեան եւ արտագաղթի տուեալները այլեւս հասած ըլլալով ճգնաժամային աստիճանի, կարգ մը սփիւռքահայերու այս նախաձեռնութիւնը գնահատելի է, նաեւ սպասելի՝ բոլոր անոնց կողմէ, որոնք, ինչ որ չափով, շահախնդիր են տեսնելու Հայաստանի Հանրապետութեան բարգաւաճումը:
Վերջին երկու տասնամեակներու քաղաքական գործընթացները եկան համոզելու սփիւռքահայերուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանեան հասարակութեան, թէ արդար կամ նուազագոյն խախտումներով ընտրութիւններ կայացնելը Հայաստանի մէջ ներկայ դրութեամբ բաւական դժուար, եթէ ոչ անկարելի է: 2016ի Ապրիլեան գործողութիւններն ու Յուլիսեան դէպքերը ոչ միայն խորացուցին ներժողովրդական պառակտման բեւեռները, այլ նաեւ եկան կրկին փաստելու ներկայ իշխանութիւններուն քաղաքական, հասարակական եւ պաշտպանական բացթողումները: Ուրեմն, բնական էր, որ այս տագնապալի վիճակէն մեկնած, խումբ մը սփիւռքահայեր առաջադրէին իրենց մասնակցութիւնը որպէս դէտեր յառաջիկայ ընտրութիւններուն, տրուած ըլլալով որ 2017ը կրնայ քաղաքական առումով անկիւնադարձային ըլլալ. նոր սահմանադրութեամբ ամրագրուած եւ ակնկալուող կառուցուածքային փոփոխութիւնները, ու Հայաստանեան քաղաքական դաշտին մէջ նկատուող տեղաշարժերն ու զարգացումները ոչ միայն անորոշութեան նշոյլներ են, բայց նաեւ համազգային հնչեղութիւն կրնան ունենալ. ըլլա՛յ Սփիւռքի մէջ, ըլլա՛յ Հայաստանի՝ կայ այն համոզումը կամ պէտք է նաեւ ըսել յոյսը, որ յառաջիկայ ընտրութիւններով կարելի պիտի ըլլայ որոշ դրական փոփոխութիւններ յառաջացնել: Հետեւաբար, երբ կը մեկնաբանենք այս զարգացումները որպէս քաղաքական «կենաց մահու» հարց, վերոյիշեալ յայտարարութեան իմաստն ու ներքին տրամաբանութիւնը պարզ կը դառնայ:
Ինչպէս ստորագրեալներէն (Արսինէ Խանճեան, Ատոմ Եկոյեան, Էրիք Նազարեան եւ այլն…) մի քանին անդրադարձան՝ ըսելով կամ բացատրելով, թէ «Սփիւռքը Հայաստանի մէջ ձայն չունի», նմանօրինակ նախաձեռնութիւն (հաւանաբար աննախադէպ իր տեսակով) կարելի է դիտել որպէս Սփիւռքի հաստատութենական (institutional) ներգրաւուածութիւնը Հայաստանի 2017ի ընտրութիւններուն: Մինչեւ հոս ոչ մէկ խնդիր:
Սակայն յօդուածագիրիս համար եթէ ոչ զարմանալի ապա տխուր էր այն երեւոյթը, որ այս ամբողջ նախաձեռնութեան մէջ յստակ չէր կամ ընդհանրապէս բացակայ էր պատասխանատուութեան հարցը. այսինքն՝ պատասխանատուութեան ինչ ձեւաչափով այս ինքնառաջադրուող դէտերը պիտի մասնակցին 2017ի ընտրութիւններուն։ Արդեօք սփիւռքեան յատուկ հաշուետուութեան մեքանիզմի մը մասին կարելի պիտի ըլլա՞յ խօսիլ արձանագրուելիք խախտումներուն համար, բացի եթէ իսկապէս կը հաւատանք, որ որեւէ մէկ խախտման դէպք պիտի չի պատահի։ Այլ խօսքով՝ գրանցուելիք խախտումներուն համար ճի՞շդ է սփիւռքահայ այս դէտերէն որեւէ բան պահանջել։ Ձեւաչափ ըսելով կը հասկնանք այն հանգամանքը, որուն միջոցաւ պիտի ներկայանան այս դէտերը. իբրեւ կանխարգելիչ տա՞րր կամ պարզ հսկիչ։ Աւելի պարզեցնելու համար այս միտքը կարելի է խնդիրը դնել հետեւեալ ձեւով. «Իբրեւ հասարակ սփիւռքահայ, յօդուածագիրս իրաւունք պիտի ունենա՞յ հաշուետուութիւն պահանջելու ոչ միայն Հայաստանի իշխանութիւններէն (բնականօրէն) այլ նաեւ սփիւռքահայ այս դէտերէն»։ Կը հաւատամ, որ նախաձեռնողները քաջատեղեակ են, թէ ինչ մարտահրաւէր դրուած է իրենց առջեւ ու ինչ հարց է, որուն լուծման համար կը փորձեն օգտակար դառնալ, սակայն յայտարարութեան կարգ մը կողմերը տակաւին կը մնան պղտոր: Կը կարծեմ, որ նմանօրինակ հարցադրումները էական են «սփիւռքեան» քաղաքական միտքը ուղղելու կամ հունաւորելու ու փոխհասկացողութեամբ առաջնորդուելու համար:
Ի տարբերութիւն օտարազգի դէտերու, որոնց պարտականութիւնն է առարկայական ձեւով հսկել ընտրական գործընթացին (մեկնած իրենց ասպարէզէն) ապա զեկուցելու համար համապատասխան վերին մարմիններուն, հայազգի այս ինքնառաջադրուող դէտերուն յանձնառութիւնը շատ աւելի նուրբ, զգայուն, բայց նաեւ լուրջ ազգային պատասխանատուութիւն մըն է: Կրնան շատերը տարակարծիք ըլլալ այս կէտին հետ, բայց նմանօրինակ յայտարարութիւն մը իր լրջութեամբ այս յօդուածագիրին կողմէ կը դիտուի որպէս Սփիւռքի ներկայացուածութեան հարց, հակառակ իր սահմանափակ պարունակին: Այո, չնայած որ Հայաստանի իշխանութիւնները կը մնան իրաւական եւ հաշուետու պետական գերագոյն կառոյցը, որուն ուսերուն վրայ կը մնայ 2017ի ընտրութիւններու արդար գործընթացի կազմակերպումը, սակայն նոյն տրամաբանութեամբ կարելի է նաեւ մտածել սփիւռքեան իրողութեան եւ ներկայացուածութեան ձեւաչափերու հարցին մասին: Այո, հեշտ է «դուրսէն» փնտռելը այս իրավիճակի պատասխանատուները՝ մեր հայեացքը կեդրոնացնելով կամ սեւեռելով Հայաստանի վրայ, սակայն պահ մը արդեօք չ՛արժե՞ր նոյն հարցը տալ մենք մեզի։ Զգոյշ. յօդուածագիրս չի փափաքիր, որ սոյն գրութիւնը վերածուի կամ նուազեցուի շատ յաճախ խնդրայարոյց «Հայաստանի ներքին գործերուն խառնուի՞լ կամ ո»չ երկճեղքման կամ դատարկ բանավէճին, բայց մէկ քայլ անդին անցնիլ, տրուած ըլլալով, որ վերոյիշեալ յայտարարութիւնը արդէն «այո»ով պատասխանած է սոյն հարցադրումին: Հետեւաբար, կոչ կ՛ուղղեմ մեր նախանձախնդիր ստորագրեալներուն նոյն լրջութեամբ, նաեւ բարձրացնելու եւ ճշդելու իրենց իսկ պատասխանատուութեան հարցը: Ահա՛ այս առանցքին շուրջ է որ պէտք է կայանան մեր յաջորդ քննարկումները Սփիւռքի եւ Հայաստանի 2017ի խորհրդարանական ընտրութիւններու փոխկապակցութեան եւ մասնակցութեան մասին: Հակառակ անոր, որ այս գրութեամբ բարձրացուցինք աւելի շատ հարցեր քան կարողացանք պատասխանել դրուած խնդիրներուն, սոյն յօդուածը թող չդիտուի որպէս լոկ քննադատութիւն վերոյիշեալ նախաձեռնութեան, այլ՝ որպէս համեստ ներդրում մը արդէն իսկ սկսած քաղաքական միտքերու փոխանակման եւ քննարկման հարթակի մը մէջ:
vketsemanian@gmail.com
==============================================================
Ընկ. Կարպիս եւ Ընկհ. Մայտա
Պէզճեան եւ զաւակները
Իրենց Ընտանիքներով
Կը շնորհաւորեն իրենց ընկեր-ընկերուհիներուն,
բարեկամներուն, Հայութեան եւ մանաւանդ
Սուրիահայութեան Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը
===============================================================
Եփրեմ Եւ Վարսենիկ Պաղպուտարեան
Շնորհաւոր Նոր Տարի
Եւ Ս. Ծնունդ Առողջութիւն
Եւ Յաջողութիւն Մեր Բոլոր
Ազգականներուն, Բարեկամներուն
==============================================================
Նոր Տարին Եւ Ս. Ծնունդը
Թող Ձեր Բոլորին Նոր Ցնծութիւններ
Պարգեւեն Եւ Սիրով Լեցնեն Հոգիները Ձեր
Գէորգ Եւ Լիզա Սանդիկեան Եւ Ընտանիք
================================================================
Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան Տօներուն Առիթով
Տէր եւ Տիկ. Մինաս եւ Թալին Հաշօլեան եւ զաւակը՝ Կարօ
Կը շնորհաւորեն իրենց հարազատներն ու ընկերները,
Մաղթելով Առողջութիւն եւ Յաջող Օրեր
================================================================