ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԷՐԹԻԶԼԵԱՆ ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Արմատները՝ այս հողէն ալ անդին են
Դէպի Հիւսիս Հայկի երկիր
Տարածուած մխրճուած ամրօրէն
Ժայռերուն մէջ ցից ըմբոստ
Ճիւղերը՝ աղաւնիներու կտուցին
Ջրհեղեղեան ջուրերուն թաթխուած
Տերեւները՝ ցիր ու ցան, հորիզոններէն անդին
Չորս հովերէն փայփայուած
Մրրկահողմերէն վտարուած…
Հոն՝ ձիթենի մը
Կուռ տերեւները կ՛օրօրէ
Գլխիկոր ճիւղերը հովին տալով
Կը բերկրի ըմպելով անյագ՝ արեւի լոյսը
Կը գինովնայ
Հեռու երկրի կարօտով՝
Ամպերէն անդին եթերին մէջ բնակող…
Կայլակ-կայլակ կը ծորին ձէթի շիթեր կողերէն
Կը վարարի նոր խինդով
Օծելու իր կողքէն անցնող ամէն անցորդ
Ափերուն օրհնանքի իւղ
Խաղաղութիւնը գրկած
Կը փութայ ռազմի դաշտ
Օրհնութեամբ բժշկելու
Մարտիկին նոր կեանք պարգեւելու.
Միաբերան ծառ ու ծաղկունք
Երամ-երամ շնչաւորներ
Կ՛ողջունեն ճիւղերը բարի
Որու ծիլերը դալար
Կը շշնջան աղօթք օրհնանք…
Ծաղիներու պէս լոյսեր
Ազնիւ իւղով աճեցուած
Մանուկներուն ձեռքերուն
Թափօրին մէջ կը ճօճին
Մինչ քարերը կ՛աղաղակեն…
Կապոյտ, մով, կարմիր արտերէն
Սրտատրոփ քայլերով
Սաղարթները ձիթենիին
æախջախուած դալար նռնենիներուն
Ահաբեկուած ոստերուն ընդմէջէն
Աղաւնիներու մտերմութեան յոյսով
Կ՛անցնին դալուկ դաշտերէն
Տերեւաթափ է ամէնուրեք
Փետրաւորները փոքրիկ
Հեռուներն են սարսափահար
Ծիծեռնակները՝ վաղուց չուած
Բոյները դատարկ
Դեռ օդին մէջ կը ճօճին
Ագռաւներ՝ կը կռնչան
Կ՛արձակեմ սանձերը՝
Արտերուն հետ արտասուող
Փոթորկահար հոգիիս
Որ խմբագրեմ զայն կրկին
Խաղաղութեամբ
Երջանկութեամբ ու լոյսով
Քնքշանքին հետ տաք արեւին ու հողին
Կ՛ըմպեմ հասուն սէրն ու ցաւը ընդերքներուն կուտակուած
Վիրաւոր երակներէն արտերուն չորցած
Եւ աչքերուս հրատին
Այնքան գորով, կարեկցանք…
Երկրին այս այրող, տառապող երկրին…
Ժամանակ կու գայ
Կը հնչէ երգը զտող կրակին
Վերանորոգ հոգիի վերջին անձրեւին
Փութացող շաղին՝
Հրկիզումէ մազապուրծ
Արնակարմիր տոչորած գիւղերու
Հեռուներու կարօտին
Արեւի պէս կը ժպտի
Արնաքամ մարտիկը հողին՝
Աշնան բուժող ջերմութեան
Կարեկցանքով եւ յոյսով,
Արեւ՝ ծագող բարիներուն-չարերուն
Արեւի պէս՝ ժայռերէն լուսաբացը նոր՝ քամող
Այգիներէն նոր կեանքը
Ընդերքներուն խտացած արշալոյսներու համար
Անհատնում տառապանքէն
Առատ լոյսի անձրեւէն
Քամելու՝
Յոյսի ջեռ ծաղիկներ
Ամպաթաթախ ռազմի դաշտերէն կ՛անցնի
Արտերէն բարի
Տարածքէն ցաւած, ոսկրացած այտերով՝
Ոտքերը արեան ցօղով թուրմացած
Արցունքով մկրտուած
Մատները՝ կայծկլտացող կրակով
Աստղաթաթախ երդիքներու բռնկումէն.
Ուխտաւորներ
Ծերպերէն լերան
Հոգիներու վիմափոր թաքստոցներէն
Երազներով դափնեպատ, ընթացք կ՛առնեն
Ժապաւէնանման երփներանգ ճամբաներէն
Դէպի լքուած տուները իրենց
Սահմանէն այս կողմ եւ այն
Այգաբացի նոր շողերով
Բանալով ցաւած հոգիներուն լուսամուտները
Դէպի ցորենի արտերը արեւաշող
Բերկրանքը երկնող հողին
Կութքը կրակէն մազապուրծ փոքրիկ ածուին…
Հասկեր ծիրանագոյն՝
Ոսկեայ քիստերով
Բազուկները հորիզոնած աջ ու ձախ
Խաղաղ դաշտերու լեռներու կարօտով
Հայեացքները դէպի երկինք
Ծիր կաթինի երազանքով
Յարդագողի ճամբաներէն գաղտագողի
Արեւը խաղաղ՝ կ՛ըմպեն անյագօրէն…
Շինականը՝
Լուռ կը մօտենայ կարօտով յորդուն արտերուն
Կը հակին հասկերը
Կը կքին բեռնաւորուած
Խոնարհ ընծայումով
Կոչնակը…
Նոր ծնունդ կ՛աւետէ
Միշտ եւ ինչպէս ամէն անգամ
Ծնունդ է անհասկնալի
Խորհուրդը խորին
Կեանքով յղի հասկերուն
Ծնունդ է հացի, աստղերու.
Ցորենի հատն ու աստղին ծաւալը
Հաւասար են, նոյնարժէք…
Շինականին քրտինքը
Զինուորին արեան կայլակը
Հատիկին մէջ եւ լուսաստղին
Զուարթ լոյս է:
Միլիառաւոր արեւածագերէ ի վեր կրկնուող ծէս՝
Ծնունդը օրուան
Յոյսի հորիզոններուն արարումը անմեկին՝
Բոլորանուէր պատարագով ցորենին
Բանին ինքնագոհ ողջակիզումը
Մեզի համար, մեզի հետ, եւ մեր մէջ
Հացի ծնունդն ու բաշխումը…
Հողին, հոգիին, ազատագրումը ոսոխէն
Աստղի շիջումը, գիսաստղի մը ծնունդը
Մարմինին ճամբորդութիւնը դէպի ընդարձակուող լոյս…
Հաղորդութիւն է…
Ցորենը գիտակից սիրով
Աներեւոյթ լուսէ ծիրով
Կ՛երկնէ անհունի ոգին՝ ներշնչանքով
Լեռներ փոխադրող հաւատքով
Մանանեխի հատի պէս կը տարածուի կը բազմանայ
Կը շրջի:
Անձայն երկունք է Արարչական…
Քարերուն վրայ
Սերմնացանին անզգուշօրէն նետած հատիկները
Չեն տոչորիր.
Ոչ մէկ բան կ՛ոչնչանայ…
Քարերը իրենց հրճուանքէն
Մեղեդի կ՛արձակեն
Կը շնչեն կ՛արտաշնչեն
Մեղեսիկի գոյներով
Հիւսկերով հասկեր կ՛ընձիւղեն
Որոնց վրայ կը բազմին
Նոր բոյներով, խումբ խումբ երկնայիններ
Քարերը
Կ՛արձագանգեն աղաւնիներու համերգին
Վերադարձող ծիծեռնակներու երգին
Խօսքը՝
Կը դառնայ տաճարի անկիւնաքար
Եասամանի երկրին մէջ
Անտեսուած ահաբեկուած քարեր՝
Հրեշտակներու «Ալ Շերոպիմ» լերան վրայ կը բարբառեն
Նայիրեան Յիսուսով
Անվախօրէն կը քանդակեն ուխտը նորովի
«Ես եկած եմ փրկելու աշխարհը»:…
Տօն է լոյս հանդէսի
Երկնքի դահլիճներէն ոսկիապատ
Կ՛ուռճանայ լռութիւնը ծփացող
Կը դառնայ ուրախութեան շառաչ
Հրճուանքի ծովուն մէջ լողացող
Ցնծութիւն…
Կանաչ ճամբաներ՝
Կէսօրուան պայծառութեամբ
Ընդմիշտ լուսաւորող չխաւարող արեգակով
Յղի են փթթող նոր երկրի երազով
Սիրոյ կանչով
Հեզ փայլփլող գիսաստղերով
Ուր առիւծն ու գառը միասին կ՛արածին
Գաղտագողի վեր կ՛արձակին նորոգ ծիլեր
Արեւուն հետ հոգի հագած
Բոսոր արահետներէն քարքարոտ՝
Նոր յայտնութիւն…
Եւ նոր ժպիտ…
Կը նայիմ վեր…
Արեւ
Լոյս
Սէր
Երկինք
Հոգի
Կարօտ
Ամպանման հրեշտակներ… հրեշտականման ամպեր
Լռութիւն… երկնաբոյր երազ
Կը նայիմ ներքեւ՝
Յասմիկի բոյրով երազող քաղաք Հալէպ
Կաթնագոյն օրհնանքի քաղաք
Չես անհետացած՝ վերածուելով հողի հին շերտի
Կը ժպտիս դեռ
Սահմաններէն ներս ու դուրս.
Հայկական բարձրաւանդակի ամրակուռ դուռ
Մենք կ՛ըլլանք կողքիդ
Միասին հասնելու՝ Կիլիկիա
Ճախրող թեւերդ կտրտուած՝ փետրաթափ
Վանդակին փառած
Արծիւի նայուածքով բարի ճնճղուկի պէս
Անքէն ես հիմա բայց չես անտեսուած
Գիշատիչները անհետ հեռացան
Անուրջներու քաղաք
Բիբերուդ մէջ սառուցեալ երազ
Կ՛օրօրուիս գարնան հեքիաթի երազով
Խօսքերով
Անունդ մեծատառերով կը գրուի թերթերու էջերուն
Գիրքեր կը ձօնուին քեզի, շքանշանի պէս՝ մոռցնելու ցաւդ.
Նռնենիներուդ մարգարիտները հողին՝ ցիր ու ցան
Կը բռնկի ծառդ անխօս, այրող մորմենիի պէս,
Կ՛երգէ սիրտդ կարօտէն, հեզիկ մեղեդիով, կրակին ընդմէջէն
Մազերուդ թելերը համրուած են
Ծառերուդ տերեւները առանց թոյլտուութեան չեն իջներ գետին
Արցունքներդ հաշուըւած՝
Կողերդ ի վար, աշնան անձրեւներուն ձուլուած
Կը սրբեն կը տանին տառապանքդ հեզ
Կը մաքրեն վիշտերէն խայթող, հոգիդ դառնացած
Անունդ կը գրեն խաղաղութիւն երազող հողիդ մակերեսին
Որ ծլիս կրկին
Ծլի սէրդ, հաւատքդ որ երբեք չկորսնցուցիր
Սեպտեմբեր 2013
Հալէպ