ՊՈԼԻՍ.- «Սուրբ Փրկիչ» Ազգային հիւանդանոցին մէջ, շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ յատկանշական հանդիսութիւն մը, որով պաշտօնապէս հրապարակուեցաւ բժշկապետի փոփոխութիւնը: Այսպէս, աւելի քան տասնամեայ երախտաշատ աշխատանքէ մը ետք տոքթ. Արտաշէս Աքտաղ բժշկապետի պաշտօնը կը փոխանցէ ուրիշ նուիրեալ անունի մը՝ տոքթ. Արմենակ Մեծատուրեանին, որ շուրջ երեսունհինգ տարիէ ի վեր անձնուիրաբար կը ծառայէ գթութեան յարկին: Ազգին տունէն ներս տեղի ունեցած այս հերթի փոփոխութիւնը լայն արձագանգ գտած է համայնքային շրջանակներէն ներս: Արդարեւ, «Սուրբ Փրկիչ» Ազգային հիւանդանոցը ներկայիս կ՛ապրի իր պատմութեան ամենափայլուն շրջանը, առանց չափազանցութեան: Շէնքի ֆիզիքական պայմաններու նախանձելի վիճակէն սկսեալ մինչեւ թեքնիք արդի, նոյնիսկ գերարդի սարքաւորումներու յագեցուածութիւնը, վարչատնտեսական կայունութենէն սկսեալ մինչեւ մատուցուած ծառայութիւններուն որակը, եւ տակաւին մնայուն բնակիչներու կացութենէն սկսեալ մինչեւ ելեւմտական հաւասարակշռութիւնները: Աւելի՛ն, Ազգային հիւանդանոցը միջոցէ մը ի վեր դարձած է քաղաքիս հեղինակաւոր մասնագէտներու ժամադրավայրը:
Զանազան ճիւղերու անուանի մասնագէտներ Ազգային հիւանդանոցին մէջ կը կատարեն գործողութիւններ, մաս չկազմելով հանդերձ հաստատութեան մշտական անձնակազմի շարքերուն: Անոնք յաճախ բարդ վիրահատութիւններ կ՛իրականացնեն շնորհիւ գործողութեան սրահներու ընձեռած հնարաւորութիւններուն: Աւելորդ է ըսել, որ հիւանդանոցը այս մակարդակին հասած է հետեւողական ու վիթխարի ջանքերու շնորհիւ: Սա գործ մըն է, որ յառաջ կը տարուի երաշխաւորուած ենթագետնի մը վրայ ու կատարելագործումը, վերելքը մշտանորոգ գործընթացի մը վերածուած են: Հետեւաբար, Ազգային հիւանդանոցը ներկայիս նոր ոստումի մը սեմին է, ինքնավստահ քայլերով կը յառաջանայ դէպի նոր հորիզոններ: Բժշկապետի փոփոխութիւնն ալ զուգադիպած է ահա այսպիսի ժամանակաշրջանի մը, ինչ որ առաւել ուշագրաւ կը դարձնէ հոգաբարձութեան կարգադրութիւնը:
Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ իր ընկերները բոլոր անհրաժեշտ կարգադրութիւնները ըրած են, որպէսզի հարթ հերթի փոփոխութիւն մը տեղի ունենայ հիւանդանոցէն ներս: Այդ տնօրինութեան արդիւնքներն ալ, ընդհանրապէս, ողջունելի են համայնքային շրջանակներուն կողմէ: Ազգային հիւանդանոցի վերջին տարիներու գործունէութիւնը յառաջ տարուած է յառաջանցիկ թափով: Այս վերընթաց սլացքին մէջ իր ուրոյն դերակատարութիւնը ունեցած է տոքթ. Արտաշէս Աքտաղ՝ որպէս բժշկապետ եւ պատասխանատու տնօրէն: Գլխաւոր մասնագէտի դերին մէջ ան ի գործ դրած է իր ամբողջ կարողութիւնը, եռանդն ու բազմամեայ փորձառութիւնը: Ան համերաշխ համագործակցութեան մէջ եղած է նաեւ հոգաբարձութեան հետ, ինչ որ գրաւականներէն մին է ներկայ փայլուն համայնապատկերին: Ի լրումն այս բոլորին, երկարատեւ ու իսկապէս մաշեցուցիչ ծառայութենէ մը ետք տոքթ. Արտաշէս Աքտաղ որոշած է կոչուիլ հանգստեան: Անտարակոյս, Ազգային հիւանդանոցի տարեգրութեանց մէջ միշտ պիտի առանձնանայ իր բազմակողմանի աշխատանքը՝ արդար գնահատանքով:
Համայնքային շրջանակները հանգիստ խիղճով ու միտքով կ՛ողջունեն նաեւ նոր բժշկապետը: Արդարեւ, տոքթ. Արմենակ Մեծատուրեան Ազգային հիւանդանոցի մասնագիտական անձնակազմի սիւներէն մին եղած է՝ շուրջ չորս տասնամեակէ ի վեր: Ան հեղինակաւոր մասնագէտ մըն է ու շատ փորձառու անուն մը: Անցեալին ալ զբաղեցուցած է զանազան վարչական պաշտօններ: Թէ՛ երկրի առողջապահական համակարգին մօտէն ծանօթ է եւ թէ այդ ամբողջին մէջ մեր հիւանդանոցը առաւել նպատակասլաց դիրքաւորելու ընդունակութեամբ բժիշկ մըն է ան: Մեր համայնքէն ներս ալ համակրանքի ու վստահութեան առարկայ դարձած է տոքթ. Մեծատուրեան: Վստահաբար յառաջիկայ շրջանին իր ջանքերուն եւ կորովին շնորհիւ բազմապատկուի «Սուրբ Փրկիչ» Ազգային հիւանդանոցի բարի համբաւը:
Շաբաթ յետմիջօրէին, «Սուրբ Փրկիչ» Ազգային հիւանդանոցի «Պիլէք» հանգստարանի սրահին մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որուն ընթացքին ստեղծուեցաւ տօնական հաւաքոյթի մը մթնոլորտը: Հոգաբարձութիւնը թէ՛ հաստատութեան անձնակազմին եւ թէ համայնքային շրջանակներու նկատառման պաշտօնապէս յանձնեց բժշկապետի փոփոխութեան կարգադրութիւնը: Այս հաւաքոյթը առիթ հանդիսացաւ նաեւ թրքահայ բժշկական դասու յոբելեար անդամներու մեծարման: Ծանօթ է, որ հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը ամէն տարեմուտին մասնաւոր հաւաքոյթ մը կը կազմակերպէ՝ մեր համայնքէն առողջապահութեան բնագաւառին նուիրուած եւ այդ ասպարէզէն ներս յոբելեան ողջունած բժիշկներուն համար: Ներկայ տարեմուտի արտասովոր պայմաններուն պատճառով, ակամայ յետաձգուած էր այդ աւանդական հաւաքոյթը: Ուրեմն, շաբաթավերջի ընդունելութեամբ համատեղուած եղան այս երկու շարժառիթները:
Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր մասնակիցները:
Հաւաքոյթի կազմակերպչական աշխատանքները գլխաւորած էր ընդհանուր քարտուղարուհի Սիլվա Թրիքա, որուն վերահսկողութեան ներքեւ ամէն ինչ ընթացաւ անթերի: Ներկաներու շարքին էին՝ բժշկական կազմէն դէմքեր, նախկին բժշկապետներ, նախկին հոգաբարձուներ եւ այլ բազմաթիւ հիւրեր: Բոլորն ալ մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ զրուցեցին՝ ականատես դառնալով այս կարեւոր հերթի փոփոխութեան: Հոգաբարձութեան կողմէ յուշանուէր մը պատրաստուած էր տոքթ. Աւետիս Տեմիրի համար, որ քառասուն տարին բոլորած է ասպարէզէն ներս: Աւելի վերջ հանդիսաւորապէս յանձնուեցան տոքթ. Արտաշէս Աքտաղի եւ փոխբժշկապետ Թերճան Միլտանօղլուի յուշանուէրները: Հանգստեան կոչուելու փուլին անոնք արժանացան ներկաներու ջերմ ծափողջոյններուն: Տոքթ. Թերճան Միլտանօղլուի յուշապնակը յանձնեց տոց. տոքթ. Վահէ Ալեքսանեան, իսկ տոքթ. Արտաշէս Աքտաղինը՝ Պետրոս Շիրինօղլու:
Այս փուլին տեղի ունեցան նաեւ ելոյթներ: Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ անոնց ծառայութիւններուն մասին: Ան մասնաւորապէս վերյիշեց տոթք. Աքտաղի հետ իրենց տարած համատեղ աշխատանքէն վառ դրուագներ: Շիրինօղլու վստահութիւն յայտնեց, որ ան պիտի շարունակէ մաս կազմել հիւանդանոցի ընտանիքին եւ ի պահանջեալ հարկին իր փորձառութիւնը միշտ ի սպաս պիտի դնէ հաստատութեան համար: Իր կարգին, տոքթ. Աքտաղ նշեց, որ տասը տարի առաջ Ազգային հիւանդանոցը չէր համագործակցեր որեւէ ապահովագրական ընկերութեան հետ, իսկ այսօր կնքուած պայմանագիրներով լրիւ ներգրաւուած է այդ համակարգէն ներս: Ան ընդգծեց, որ վերջին վիճակագրական տուեալները ուշագրաւ արդիւնքներ կը ցոլացնեն Ազգային հիւանդանոցին տեսակէտէ: Այսպէս, «Սուրբ Փրկիչ» հիւանդանոցը կը գլխաւորէ ցուցակը Իսթանպուլի այն հիւանդանոցներուն, ուր կ՛իրականացուին առաւելագոյն համեմատութեամբ ուռուցքաբանական վիրահատութիւններ: Հուսկ, տքթ. Աքտաղ նշեց, որ մեր համայնքէն ներս Ազգային հիւանդանոցի բժշկապետ ըլլալը կը համարուի բարձր պատիւ մը ու որպէս հայ բժիշկ մը՝ ինք տասը տարի հպարտօրէն ստանձնած է այդ առաքելութիւնը եւ շնորհակալ կը զգայ բոլոր անոնց նկատմամբ, որոնք իրեն վստահած էին այդ պարտականութիւնը:
Իր կարգին, նորանշանակ բժշկապետ Արմենակ Մեծատուրեանն ալ արտասանեց հակիրճ սրտի խօսք մը: Ան յիշեցուց, որ երեսունհինգ տարիէ ի վեր կը ծառայէ Ազգային հիւանդանոցէն ներս: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած վստահութեան համար եւ խոստացաւ առաւելագոյնը ընել՝ բժշկապետի պատասխանատու ու պատուաբեր պաշտօնին գլուխը:
Հաւաքոյթի ծրագիրի գործադրութենէն ետք ջերմ մթնոլորտի մը մէջ շարունակուեցաւ ընդունելութիւնը, որուն մասնակիցները անմիջական զրոյց ունեցան իրարու հետ:
«ԺԱՄԱՆԱԿ»
Այս Էջը Կը Հովանաւորէ
St. Vincent Jewelry Center