ԵՐԵՒԱՆ.- 26 Յունուարին Հայաստանի կառավարութեան առընթեր քաղաքացիական օդանաւորդութեան գլխաւոր վարչութեան պետ Սերգէյ Աւետիսեան ընդունած է «Պլու Փանորամա» օդանաւային ընկերութեան հիմնադիր Ֆրանքօ Փեչիի գլխաւորութեամբ Հայաստան գտնուող աշխատանքային խումբը:
Հանդիպման ընթացքին Սերգէյ Աւետիսեան գործընկերներուն հետ խօսած է Հայաստանի քաղաքացիական օդանաւորդութեան ոլորտին առնչուող շարք մը հարցերու մասին, ներկայացուցած ոլորտին մէջ արձանագրուած ցուցանիշները, առանձնայատկութիւնները, ինչպէս նաեւ նշած է, որ 1 Դեկտեմբեր 2016ին Եւրոպական միութեան խորհուրդը հաստատած է դրութիւնը, որ Եւրոպական Միութեան յանձնաժողովին կարելիութիւն կու տայ Հայաստանի հետ համապարփակ օդային փոխադրութեան համաձայնագիրին շուրջ բանակցութիւններ վարել:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են դէպի Եւրոպա նոր ուղղութիւններով թռիչքներ կատարելու տարբերակները, հայկական շուկայի սպասարկման կարելիութիւնները եւ անոր նպաստող յառաջիկայ գործողութիւններու ծրագիրը:
«Պլու Փանորամա»ի հիմնադիրը նշած է, որ իրենք պատրաստ են համագործակցութեան՝ միեւնոյն ժամանակ շեշտելով ոլորտի առաւել մանրամասն ուսումնասիրութեան անհրաժեշտութիւնը:
Սերգէյ Աւետիսեան, ողջունելով հետաքրքրուածութիւնը՝ Հայաստանի օդանաւորդութեան շուկայով, համագործակցութեան պատրաստակամութիւն յայտնած է: