ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Ազգ. առաջնորդարանը կը տեղեկացնէ, թէ Երկուշաբթի, Յունուար 23ին իր մահկանացուն կնքած է Արեւմտեան թեմի Ազգային վարչութեան նախկին անդամներէն՝ Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ տասնամեակներու ծառայող Ճեք Գահուէճեանը:
Գահուէճեան տասնամեակներ շարունակ ծառայած է Արեւմտեան թեմին ու մասնաւորաբար Ֆրեզնոյի ծխական համայնքին: Ընտրուած է անդամ Ազգային երեսփոխանական ժողովին ու Ազգային վարչութեան. նաեւ, իբրեւ հոգաբարձութեան ատենապետ ծառայած է Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ ու անդամակցած անոր դպրաց դասին. անոր ծառայութիւնները տարածուած են նաեւ Ֆրեզնոյի հայկական կեանքի տարբեր դաշտերուն վրայ:
«Այս տխուր առիթով, թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, հոգեւորականաց դասը, Կրօնական ժողովը, Ազգային վարչութիւնը եւ անոնց հովանիին տակ գործող միաւորները խոր ցաւակցութիւն կը յայտնեն հանգուցեալի այրիին՝ տիկին Լիւսիլի, դուստրերուն, անոնց ընտանիքներուն եւ բոլոր հարազատներուն: Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի», նշուած է առաջնորդարանին յղած հաղորդագրութեան մէջ: