ԵՐԵՒԱՆ.- Յայտնի գործարար, «Կրզօ» մականունով յայտնի Խաչատուր Սուքիասեան յայտարարած է, որ իր թեկնածութիւնը պիտի չդնէ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն:
Մամուլի մէջ վերջին ամիսներուն լուրեր տարածուած էին, որ Սուքիասեան քաղաքական խորհրդակցութիւններ կը կատարէ տարբեր կուսակցութիւններու ղեկավարներու հետ՝ ճշդելու համար իր դիրքորոշումն ու մասնակցութեան հարցը: Լուրեր տարածուած էին նոյնիսկ, որ ան պիտի դառնար Գագիկ Ծառուկեանի ղեկավարած դաշինքի երկրորդ դէմքը:
«Վերջին տարիներին հիմնական ժամանակս տրամադրել եմ տնտեսական գործունէութեանը, այդ թւում՝ տնտեսութեան զարգացմանը վերաբերուող վերլուծական աշխատանքին: Այս ուղղութեամբ իմ գործունէութեան շարունակութիւնը Հայաստանի յաջող ապագային նպաստելու լաւագոյն ձեւն է: Հետեւաբար՝ առաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններին իմ թեկնածութիւնը չեմ առաջադրելու եւ շարունակելու եմ ուժերիս ներածի չափով նպաստել մեր երկրի զարգացմանը», յայտարարած է Սուքիասեան:
Խաչատուր Սուքիասեան դառն փորձառութիւն ունի քաղաքական կեանքին մասնակցութեան վերաբերեալ: Ան տնտեսական ծանր կորուստներ կրեց, երբ իբրեւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի դաշնակից արժանացաւ իշխանութեան լծակներ օտգարծողներու պատժիչ գործողութիւններուն, գլխաւորաբար հարկային դաշտի վրայ, կորսնցնելով «Բժնի» հանքային ջուրի գործարանը: