ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- «Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ» օրաթերթը կը գրէ, որ ըստ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը կը քննէ Ռուսիոյ եւ Իրանի միջեւ զինուորական եւ դիւանագիտական դաշինքը խանգարելու կարելիութիւնները, վերջ տալու համար սուրիական տագնապին եւ վերակազմակերպելու համար «Իսլամական պետութեան» դէմ պայքարը:
«Եթէ գոյութիւն ունի սեպ մը, որ կարելի է խրել Ռուսիոյ եւ Իրանի միջեւ, ապա անհրաժեշտ է ուսումնասիրել այդ կարելիութիւնը», յայտարարած է նշեալ պաշտօնատարներէն մէկը:
Օրաթերթը կ՛ընդգծէ, որ Ռուսիան այս պահուն չի նկատուիր իբրեւ Միացեալ Նահանգներու գոյացութեան վտանգի աղբիւր:
«Անկասկա՛ծ, Ռուսիոյ եւ Իրանի միջեւ մեծ վիհ գոյութիւն ունի: Սակայն անորոշ կը մնայ, թէ ի՛նչ կրնայ պահանջել Ռուսիան՝ Իրանի հետ դաշինքը տկարացնելու փոխարէն», ըսած է եւրոպացի պաշտօնատար մը, որ մասնակցած է այդ հարցին վերաբերեալ Սպիտակ տան մէջ տեղի ունեցած խորհրդակցութիւններուն:
Բազմաթիւ փորձագէտներ կը յայտնեն, որ Ուաշինկթընի առջեւ դրուած այս հարցը կրնայ չափազանց բարդ ըլլալ եւ ազդել արեւմտեան գործընկերներու հետ Միացեալ Նահանգներու յարաբերութիւններուն վրայ:
Նշենք, որ Թրամփ Իրանը կը նկատէ «թիւ մէկ ահաբեկչական պետութիւն» եւ խստօրէն կը քննադատէ Իրանի հիւլէական ծրագիրը սառեցուցած համաձայնագիրը։
Ըստ անոր՝ այդ համաձայնագիրէն ետք Իրան կորսնցուցած է Միացեալ Նահանգներու նկատմամբ յարգանքը եւ այժմ աւելի համարձակ կը գործէ միջազգային ասպարէզին մէջ:
Միւս կողմէ, Քրեմլին Փետրուար 6ին յայտարարեց, որ «ամերիկեան վարչակազմին հետ միջազգային որոշ հարցերու շուրջ մեր տարակարծութիւնները պէտք չէ արգելք հանդիսանան մեր երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման», եւ աւելցուց. «Մենք համաձայն չե՛նք Իրանը ահաբեկչական պետութիւն նկատող Թրամփի համոզումին»: