ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հանրածանօթ իմաստասէր եւ գրագէտ դոկտ. Մարկ Նշանեան պիտի ներկայացնէ յատուկ դասախօսութիւն մը՝ «Ի՞նչ է վերապրող լեզու մը» խորագիրով, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Մարտ 26ին, երեկոյեան ժամը 6ին, «Ապրիլ» գրատան մէջ (415 E. Broadway, Glendale, CA): Մուտքը ազատ է: Ներկաները աւարտին պիտի հիւրասիրուին:
Միաժամանակ, պիտի ներկայացուի դոկտ. Նշանեանի նոր հրատարակած հատորը՝ «Պատկեր, Պատում, Պատմութիւն. Հատոր 2. Մրցակցութիւններ»: Հեղինակը պիտի ներկայացուի Նարինէ æալլաթեանի կողմէ:
«Պատկեր, Պատում, Պատմութիւն»ի երկրորդ հատորը կը զբաղի Ի. դարու արեւմտահայ չորս վիպագիրներու՝ Զապէլ Եսայեանի, Գիրգոր Պըլտեանի, Շահան Շահնուրի եւ Զարեհ Որբունիի արտադրութեամբ, եւ անոնց մօտ կը կարդայ վերապրողի կերպարին երեւում-անհետացումը, մեռեալ վկային յարակարծիքները, վկայութիւն կոչուածին կատարեալ խնդրականացումը եւ բոլորին մօտ՝ անխուսափելիօրէն պատկերին յափշտակիչ միջամտութիւնը: Բայց մինչ ֆրանսացի հեղինակներուն մօտ վերապրողի եւ պատկերի շուրջ աշխատանքը կը կատարուէր բարեկամութեան ոլորտին մէջ, արեւմտահայ գրողներու պարագային կը կատարուի ատելութեան մթնոլորտի մը մէջ, եւ ուրեմն՝ մրցակցութիւններու լման շարքի մը ընդմէջէն. այր ու կնոջ միջեւ, գրականութեան եւ նկարչութեան միջեւ, վերապրողին եւ վկային միջեւ, նոյն սերունդին պատկանող գրողներու (եւ նկարիչներու) միջեւ, սերունդներուն միջեւ… Այդ մրցակցութիւններուն կիզակէտին կը գտնուէր Յակոբ Օշական, ու այդ պատճառով ալ, հատորը կը բացուի անոր «Վկայութիւն Մը» վերնագիրը կրող գրուածքին շուրջ վերլուծական ակնարկով:
Մարկ Նշանեան շրջանաւարտ է Սթրազպուրկի եւ «Ecole Natio-nale des Langues Orientales Vivantes» համալսարաններէն: Ան Հայկական ուսումնասիրութեանց դասախօս էր «Քոլոմպիա» համալսարանին (1996էն 2007), այցելու դասախօս՝ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանին եւ Պոլսոյ անգլիախօս «Սապանճի» համալսարանի Մշակութային ուսումնասիրութիւններու բաժանմունքին մէջ: Ան հրատարակած է վեց հատորներ «ԿԱՄ»ի, որ գրական վերլուծութեանց եւ թարգմանութեանց նուիրուած հայերէն պարբերաթերթ մըն էր։ Ան ունի համապարփակ մատենագիտութիւն մը եւ երեք քննական հատորներ՝ Յակոբ Օշականի մասին, ինչպէս նաեւ հատոր մը՝ հայոց լեզուի պատմութեան նուիրուած՝ «Ages et usages de la langue Armenienne» անունով։ Ան թարգմանած է նաեւ Խրախունիէն եւ Վահագն Տատրեանէն գործեր, իսկ անգլերէնով անոր հրատարակութիւններէն են՝ «Mourning Philology», «The Historiographic Perversion» եւ «Writers of the Disaster»: Վերջերս Նշանեանի հայերէն գործերը հրատարակուած են Երեւան, վերջինը ըլլալով «Պատկեր, Պատում, Պատմութիւն» հատորը:
Դասախօսութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, հեռաձայնել «Ապրիլ» գրատուն՝ (818) 243-4112 թիւով, կամ դիմել noor@abrilbooks.com հասցէին։