Հայ Օգնութեան Միութիւնը ազգանուէր ու մարդասիրական իր ծրագիրներուն մէջ յատուկ տեղ տուած է Ջաւախքին, որուն հզօրացման եւ ազգապահպանման համար ջանք չի խնայեր: Այս իմաստով, 16 տարիներէ ի վեր կը գործէ իր նշանակած ՀՕՄի «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբը, որ ջաւախքահայութիւնը իր պապենական հողերուն կառչած պահելու գծով բազամազան ծրագիրներ կը գործադրէ Ջաւախքի մէջ: Այս ծրագիրներուն ամէնէն ակնյայտն ու ազգանպաստ աշխատանքը Ջաւախքի Երիտասարդական կեդրոններու բացումն է, ուր բազմահարիւր ջաւախքահայ երիտասարդներ կը յաճախեն եւ կը սորվին հայոց լեզու ու պատմութիւն, կ՛ապրին հայկական մշակոյթն ու համացանցի արդիական միջոցներով կը կապուին արտաքին աշխարհին հետ: Բնականաբար, այս աշխատանքները կ՛իրագործուին այդ յանձնախումբի ժրաջան անդամներուն ջանասիրութեամբ եւ նուիրումով:
«Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբի բացառիկ աշխատանքին իր երախտագիտութիւնը յայտնելու հեռանկարով, ՀՕՄի Շրջանային վարչութիւնը ամէն տարի, յանձնախումբի տարեկան հանգանակային գլխաւոր ձեռնարկին ընթացքին կը մեծարէ յանձնախումբի անդամներ, որոնք ոգի ի բռին աշխատանք տարած են՝ ի նպաստ Ջաւախքի բարօրութեան: Այս տարի այդ բախտաւորներն էին Էմմա Սալմասեանն ու Յարութ Մատէնեանը, որոնք յանձնախումբի նշանակումէն ի վեր, հաւատքով կ՛աշխատին Ջաւախքի յառաջդիմութեան նուիրուած նախաձեռնութիւններու յաջողութեան համար:
Ստորեւ՝ զոյգ մեծարեալներուն կենսագրական գիծերը:
ՅԱՐՈՒԹ ՄԱՏԷՆԵԱՆ
Ծնած է Պէյրութ, Լիբանան: Ուսումը ստացած է Ս. Նշանի Ազգային վարժարանը (ներկայիս՝ Խանամիրեան): Փոքր տարիքին անդամակցած է ծննդավայրի ՀՄԸՄի մասնաճիւղին, ուր սկաուտական բոլոր հանգրուաններէն անցնելով՝ հասած է ՀՄԸՄի Պէյրութի մասնաճիւղի խմբապետի պաշտօնին: ՀՄԸՄին առընթեր, Մատէնեան անդամակցած է Լիբանանի Երիտասարդական Միութեան (ԼԵՄ) եւ այնուհետեւ՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան շարքերուն: Մատէնեան զանազան պատասխանատու պաշտօններ ստանձնած է ծննդավայրի «Քրիստափոր» եւ Պուրճ Համուտի Արագած շրջանի «Դրօ» կոմիտէութեանց մէջ, միաժամանակ ծառայելով Կեդր. կոմիտէի յարաբերական յանձնախումբին: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն, ան միշտ պատնէշի վրայ եղած է՝ մասնակցելով հայկական թաղերու պաշտպանական աշխատանքներուն, որոնց ընթացքին նաեւ ծանրօրէն վիրաւորուած է։
1987ին ամուսնացած է ազգանուէր հայուհի Այտա Աւետիքեանի հետ. ամոլը հետագային բախտաւորուած է երկու զաւակներով՝ Մարիա եւ Ռազմիկ, որոնք իրենց ծնողքին օրինակին կը հետեւին:
1990ին փոխադրուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ նոյն ոգիով շարունակած է ազգային իր պարտականութիւնները ՀՄԸՄի եւ ՀՅԴի շարքերէն ներս: Իբրեւ մասնաճիւղի խմբապետ, կազմակերպական մեծ աշխատանք տարած է ՀՄԸՄի Մոնթեպելլոյի եւ Լոս Անճելըսի մասնաճիւղերէն ներս: Արժանացած է ՀՄԸՄի Շրջանային ընդհ. խմբապետի պաշտօնին: Միաժամանակ, դարձեալ պատասխանատու պաշտօններ վարած է ՀՅԴ Մոնթեպելլոյի «Դրօ» եւ Հոլիվուտի «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութեանց մէջ: 1991ին մասնակցած է ՀՄԸՄը Հայաստանի մէջ վերընձիւղելու աշխատանքներուն: Չորս անգամներ մասնակցած է ՀՄԸՄի Ընդհանուր ժողովներուն, ինչպէս նաեւ՝ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան կազմակերպած Համա-ՀՄԸՄական Սկաուտական ընդհանուր բանակումներուն։
Յատուկ սէր ունենալով Ջաւախքի հանդէպ, Մատէնեան առաջին օրէն իսկ մաս կազմած է ՀՕՄի «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբին եւ իր հանգանակային ու քարոզչական հմուտ աշխտանքներով ոչ միայն կարեւոր դեր խաղացած է յանձնախումբի ծրագիրներու յաջողութեան գծով, այլեւ՝ Ջաւախքի Երիտասարդական կեդրոններու գնման մէջ: Ներկայիս, ան փոխատենապետն է սոյն յանձնախումբին։
ԷՄՄԱ ՍԱԼՄԱՍԵԱՆ
Էմմա Սալմասեան Հայ Օգնութեան Միութեան անդամագրուած է 1990ին: Ներկայիս, ան անդամ է ՀՕՄի Կլենտէյլի «Սիփան» մասնաճիւղին, ուր ստանձնած է զանազան ղեկավար պաշտօններ՝ մասնաճիւղի վարչութեան եւ յանձնախումբերուն մէջ:
Սալմասեան ՀՕՄի «Ջաւախք» հիմնադրամի յանձնախումբին անդամ է անոր ստեղծման առաջին իսկ օրէն եւ այնուհետեւ՝ 15 տարիներ շարունակաբար: Ան կարեւոր ներդրում ունեցած է Ջաւախքի բարելաւման ուղղուած յանձնախումբի նախաձեռնած ձեռնարկներուն, ծրագիրներուն եւ աշխատանքներուն յաջողութեան մէջ: Յատկանշական է Սալմասեանի նուիրումն ու բազմաթիւ այցելութիւնները Ջաւախք, ուր իր բարոյական եւ նիւթական զօրակցութիւնը յայտնած է:
Ան մասնագիտութեամբ հիւանդապահուհի է եւ այդ մարզէն ներս անընդմէջ գործած է աւելի քան 35 տարիներ: Միչեւ վկայուիլը, ան աշխատած է իբրեւ հիւանդապահուհիի օգնական: Սալմասեան «Վկայեալ հիւանդապահուի» տիտղոսին արժանացած եւ համապատասխան աշխատանքային արտօնագիրը ստացած է Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանէն:
Հակառակ իր ծննդավայր Թեհրանի համալսարանէն Օտար լեզուներու ճիւղը աւարտած ըլլալուն, ան իբրեւ աշխատանք ընտրած է հիւանդապահութեան մարզը: Եղած է Հայ հիւանդապահուհիներու, ինչպէս նաեւ Հայ-ամերիկեան բժիշկներու հիմնարկութեան հիմնադիր անդամներէն մէկը: Նաեւ, գործօն անդամ է ՀՄԸՄի Կլենտէյլի «Արարատ» մասնաճիւղին:
Տէր եւ տիկ. Խորէն եւ Էմմա Սալմասեանները ունին երկու զաւակներ, որոնք Էմմայի կեանքի նուաճումն են: Որդին՝ Էրիքը, բժիշկ է, իսկ դուստրը՝ Ճենիֆըրը՝ ուսուցչուհի: Ճենիֆըր նաեւ հեղինակն է Ջաւախքի մասին պատմող մանկական գիրքի մը, որ հրատարակուեցաւ 2012ին եւ մանուկներու համար կարեւոր ուղեցոյց մը հանդիսացաւ՝ Ջաւախքին ծանօթանալու կարեւոր գործին մէջ: