ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Հայկական սուտ պնդումներու դէմ պայքարի միութիւն» անունով ծանօթ թուրք ազգայնամոլներու կազմակերպութեան նախագահ Կէօքսել Կիւրպէյ կը յայտնէ, թէ 1915ի հայերու տեղահանութեան որոշումը տրուած է գերմանացի հրամանատարներու կողմէ, իսկ Թալէաթ փաշան, Էնվեր փաշան եւ այլ թուրք ղեկավարներ պարզապէս անոնց կամակատարները եղած են։
Կիւրպէյ կը նշէ, թէ այդ օրերուն գերմանական բանակն ու օսմանեան բանակը կը կռուէին ռուսական բանակին դէմ, «որուն անմիջական զօրակիցներն էին հայկական զօրագունդերը»:
«Գերմանացիներուն գլխաւոր նպատակն էր Պաղտատի երկաթուղին պաշտպանել ռուսական զօրքէն, հետեւաբար, օսմանեան սպայակոյտի նախագահ, գերմանացի զօրավար Պրոնսար Ֆոն (Օթթօ Լիման վոն Սանտը՞րզ) հայերը դէպի Սուրիա աքսորելու որոշումը տուաւ՝ ծրագիրին գործադրութիւնը վստահելով Օսմանեան կայսրութեան: Էնվեր, Թալէաթ եւ Սայիտ Հալիմ փաշաներուն վստահուեցաւ Անատոլուի հայերուն հարցը լուծելը՝ ըստ վերոնշեալ ծրագիրին: Այս բոլոր իրադարձութիւններուն փաստաթուղթերը կը գտնուին Գերմանիոյ արխիւներուն մէջ, որոնք բացարձակապէս տրամադրելի չեն Թուրքիոյ պատմաբաններուն կամ կառավարութեան», պնդած է ան:
Ան նաեւ յայտնած է, որ Սողոմոն Թեհլիրեան Գերմանիոյ գաղտնի գործակալութեան անդամ էր եւ ստանձնած Թալէաթ փաշան ահաբեկելու գործը: «Պրոնսար Ֆոն, Սողոմոն Թեհլիրեանի դատավարութեան ընթացքին, Թալէաթ փաշան ամբաստանելու մտադրութեամբ ճշմարտութիւններ յայտնաբերած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, մինչ գաղտնի արխիւները կը պարփակեն Թալէաթ փաշայի ահաբեկման հիմնական նպատակը, որն էր զայն լռեցնել, նկատի առնելով անոր ունեցած տեղեկութիւնները՝ հայոց տեղահանութեան հարցով գերմանացիներուն տուած որոշումին առնչութեամբ», աւելցուցած է Կիւրպէյ: