ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւնը կը յայտարարէ «Արուեստը յանուն խաղաղութեան» (Arts for Peace) խորագիրով միջազգային նոր նախագիծի մեկնարկին մասին:
Նախագիծի գեղարուեստական ղեկավարն է իտալացի դաշնակահար, խմբավար, Արցախի պատանի երաժիշտներու «ՏՆæՐԷ» միջազգային փառատօնի մասնակից եւ պաշտօնական նուագակցող (2013, 2015) Լուքա Ֆերինի, որ պատրաստակամութիւն յայտնած է իր նպաստը բերելու Արցախի մէջ մշակոյթի զարգացման, մշակութային նոր կապերու ստեղծման ու ամրացման եւ արուեստի միջոցով խաղաղութեան ամրապնդման:
Ծրագիրին մեկնարկը պիտի տրուի Ապրիլ 27ին, կէսօրէն ետք ժամը 5ին Շուշիի մէջ, Լուքա Ֆերինիի, սլովենիացի ջութակահար Չրտոմիր Շիշկովիչի, քլարինէթահար Եոժէ Կոտարի եւ պելճիքացի թաւջութակահար Սեւակ Աւանէսեանի համատեղ համերգով:
Ապրիլ 30ին, ԼՂՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ կայանալիք համերգին հիւրերուն պիտի միանան արցախցի երիտասարդ երաժիշտները: Համերգներուն պիտի ներկայացուին յայտնի դասական եւ ժամանակակից երգահաններու ստեղծագործութիւններ:
Նախագծի ծիրին մէջ, Ապրիլ 28-29 Ստեփանակերտի Սայաթ Նովայի անուան երաժշտական քոլեճին մէջ տեղի պիտի ունենան ջութակի եւ քլարինէթի վարպետութեան դասեր: