ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ ներկայ իշխանութեանց գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը, տակաւին զէնքերը բոլորովին վար չէ դրած՝ Ապրիլ 16ի հանրաքուէին արդիւնքները չճանչնալու իր որոշումին մէջ։ Կուսակցութեան բանբեր Սելին Սայէք Պէօքէ, Ապրիլ 26ին, կուսակցութեան կեդրոնական գործադիր մարմինի շաբաթական նիստի աւարտին յայտարարեց, որ հանրաքուէի արդիւնքին մասին իրենց բողոքը պիտի հասցնեն Եւրոպայի մարդկային իրաւունքներու ատեան։ Նշենք, որ կուսակցութիւնը Թուրքիոյ Ընտրական բարձրագոյն խորհուրդին բողոքագիր մը յղած էր՝ հանրաքուէի ընթացքին արձանագրուած օրէնքի խախտումներուն դէմ, բայց խորհուրդը մերժած էր այդ դիմումը։ Կուսակցութիւնը դիմած էր նաեւ Գերագոյն ատեան, բայց անկէ եւս մերժուած էր։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.