ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Տարիներ շարունակ, Ատրպէյճանի կառավարութիւնը զանազան երկիրներու քաղաքական գործիչներու եւ պաշտօնեաներու առատօրէն մատուցած է թանկարժէք նուէրներ, ինչպէս՝ մետաքսէ գորգեր, ոսկի, արծաթ, խաւիար, կանխիկ դրամ եւ բոլոր ծախսերը վճարուած ճամբորդութիւններ՝ յօգուտ Ատրպէյճանի, բայց ընդդէմ Հայաստանի ու Արցախի անոնց ձայներուն դիմաց: Այս անօրինական գործունէութիւնը այնքան մեծ տարածում գտած է, որ եւրոպացիները զայն կը նկարագրեն որպէս «խաւիարային դիւանագիտութիւն»:
Թէեւ այս կաշառակերութիւնը կը շարունակուի փակ դռներու ետին եւ չի բացայայտուիր ո՛չ ատրպէյճանցի պաշտօնեաներու, ոչ ալ օտարերկրեայ քաղաքական գործիչներու կողմէ, սակայն ժամանակ առ ժամանակ անիկա ջուրին երեսը կ՛ելլէ: Մենք բոլորս պէտք է յիշենք, որ ինչ որ բացայայտուած է, միայն չնչին մասն է այն մեծածաւալ կաշառակերութեան, որ տրուած է Պաքուի այցելուներուն, տարբեր երկիրներու պաշտօնատարներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու, ներառեալ՝ ՄԱԿի ներկայացուցիչներուն:
Վերջերս, գայթակղեցուցիչ մեծ բացայայտում մը կատարուեցաւ՝ Եւրոխորհուրդին մէջ միլիոնաւոր տոլարներու կանխիկ գումարի կաշառքին հետ կապուած. գումարը տրուած էր Եւրոխորհուրդի որոշ անդամներու՝ Ատրպէյճանը քննադատող որոշումներ տապալելու կամ Արցախի վերաբերեալ աննպաստ զեկոյցներու աջակցելու պայմանով:
Իբրեւ արդիւնք՝ փտախտի դէմ պայքարող աշխարհի մեծագոյն «Թրենսփերընսի Ինթըրնեշընըլ» կազմակերպութիւնը կոչ ըրած է Եւրոպական Խորհուրդին՝ հետապնդելու փտախտի վերաբերեալ լուրջ մեղադրանքները: «Եւրոպական Կայունութեան Նախաձեռնութիւն» կազմակերպութիւնը եւս մեղադրած է Ատրպէյճանը՝ Եւրոխորհուրդի որոշումներու վրայ անտեղի ազդելուն համար՝ հիմնական խորհրդարանականներուն մեծ գումարներ եւ այլ ծառայութիւններ մատուցելու միջոցով: «Եւրոպական կայունութեան նախաձեռնութիւնը» կոչ ըրած է անկախ քննութիւն բանալու, որպէսզի ուսումնասիրուի ԵԽԽՎի (Եւրոպայի Խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողով) 2013ի քուէարկութիւնը, երբ մերժուած էր խիստ քննադատական զեկոյցը Ատրպէյճանի մէջ քաղաքական բանտարկեալներու եւ այդ երկրի պատուիրակութեան անդամներու դերակատարութեան մասին:
20 Ապրիլ 2017ին, «Կարտիըն» թերթը ընդարձակ յօդուած հրապարակեց՝ «Նոր Պնդումներ Մարդկային Իրաւունքներու Պաշտ-պանութեան Եւրոպական Կառոյցէն Ներս, Ատրպէյճանի Ձայներու Կեղծման Մասին» վերնագիրով: ԵԽԽՎի երկու բարձրաստիճան պաշտօնեաներ «Կարտիըն»ին տեղեկացուցած են, որ ԵԽԽՎի անդամները Ատրպէյճանէն կաշառք ստացած են՝ յօգուտ այդ երկրին քուէարկելու համար: ԵԽԽՎն կազմուած է 47 եւրոպական երկիրներէ, ներառեալ՝ Ատր-պէյճանի, Հայաստանի, Վրաստանի եւ Թուրքիոյ 324 խորհրդարանականներ:
Ատրպէյճանցի նախկին դիւանագէտ Արիֆ Մամետով տեղեկացուցած է «Կարտիըն»ին, որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը աւելի քան 30 միլիոն տոլար տուած է ԵԽԽՎի անդամի մը, զայն ԵԽԽՎի այլ անդամներու միջեւ որպէս կաշառք բաժնելու նպատակով: «Վեհաժողովին մէջ Շուէտի պատուիրակ եւ արդարադատութեան նախկին նախարար Թոմաս Պիլսթրոմ ըսած է, թէ «շատ վստահելի անդամներ» իրեն պատմած են, որ իրենց առաջարկուած է կաշառք՝ որոշակի ձեւով քուէարկելու համար: Ան մէկն է այն 64 խորհրդարանականներէն, որոնք բանաձեւ ստորագրած են՝ կոչ ընելով անկախ քննութիւն բանալ «ծանր յանցանքի մասին լուրջ եւ վստահելի պնդումներու վերաբերեալ»՝ կեդրոնացած ատրպէյճանական քուէարկութեան վրայ», կը հաղորդէ «Կարտիըն»:
«Այդ պնդումները առաջին անգամ ի յայտ եկան 2012 թուականին՝ «Եւրոպական կայունութեան նախաձեռնութիւն» վերլուծական կեդրոնի պատրաստած զեկոյցին մէջ, բայց թափ առին այն ժամանակ, երբ Իտալիոյ դատախազները քննութիւն բացին աջ-կեդրոն խումբի նախկին նախագահ, իտալացի պատգամաւոր Լուքա Վոլոնթէի դէմ: Ան կը մեղադրուի Ատրպէյճանէն 2.39 միլիոն եուրօ (2.6 միլիոն տոլար) կաշառք ստացած ըլլալու յանցանքով՝ ի դիմաց Եւրոպական Խորհուրդէն ներս ատրպէյճանական կառավարութեան աջակցութիւն ցուցաբերելուն: Ան կը կանգնի դատարանի առջեւ՝ դրամներու լուացման յանցանքով, իսկ Միլանի դատախազը կը բողոքէ՝ փտախտի մեղադրանք առաջադրելով անոր դէմ: Ան միշտ հերքած է որեւէ իրաւական խախտում», կը գրէ «Կարտիըն»:
Նոյնիսկ ԵԽԽՎի նախագահ Փետրօ Ակրամունթ կը գտնուի ծանր կացութեան մէջ, քանի որ հրաժարած է քննութիւն բանալէ Ատրպէյճանի փտախտային գայթակղութեան դէմ: Անոր վերջին ճամբորդութիւնը դէպի Սուրիա, աւելցուցած է թիւը ԵԽԽՎի այն անդամներուն, որոնք պահանջած են անոր հրաժարականը: Քանի որ, ըստ կանոնակարգի, Ակրամունթ չի կրնար հեռացուիլ, ԵԽԽՎի բիւրօն անցեալ շաբաթ անոր անվստահութիւն յայտնած է՝ որոշում ընդունելով, որ ան լիազօրուած չէ կատարելու որեւէ պաշտօնական այցելութիւն, ներկայ ըլլալու հանդիպումներու կամ Վեհաժողովին անունով որպէս նախագահ որեւէ հրապարակային յայտարարութիւն կատարելու: Կ՛ըսուի, որ ան շուտով պիտի ներկայացնէ իր հրաժարականը:
Բացի այդ, Եւրոխորհուրդը քննութիւն բացած է՝ 2015ին Մարդու իրաւունքներու Եւրոպական համագումարին Ատրպէյճանի համապատասխանութեան վերաբերեալ. առաջին անգամ ըլլալով է որ անդամ պետութեան մը նկատմամբ այսպիսի հարցաքննութիւն՝ կը կատարուի վերջին 25 տարիներուն ընթացքին…
Ամօթալի է, որ ԵԽԽՎն՝ մարմին մը, որ ստեղծուած է մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան համար, զոհ կ՛երթայ Ատրպէյճանի մենատէրին կաշառակերութեան յատակագիծերուն: Այս մեղադրանքները կը վարկաբեկեն Եւրոպական Խորհուրդի հիմնական արժէքները: Անընդունելի է, որ ատրպէյճանական նախորդ ընտրութիւններուն ընթացքին, երբ ԵԽԽՎի անդամները գացած էին այնտող որպէս դիտորդներ, անոնք զարմանալիօրէն շատ դրական զեկոյցներով հանդէս եկած էին, մինչդեռ մնացեալ միջազգային դիտորդները շատ բացասական գնահատականներ տուած էին: Նման հակադրութիւն տեղի կու տայ մտահոգութեան այն իմաստով, որ Ատրպէյճան յաջողած էր կաշառել ԵԽԽՎի դիտորդները՝ քողարկելու համար կեղծուած ընտրութիւնները:
«Կարտիըն» կ՛եզրակացնէ, որ «Ատրպէյճան օգտագործած է Վեհաժողովը (ԵԽԽՎն) իր նախագահին՝ Իլհամ Ալիեւի ինքնակալ իշխանութեան օրինականութիւն տալու նպատակով: Ալիեւ կը ղեկավարէ երկիրը 2003էն սկսեալ»:
Ատրպէյճանի կաշառակերութեան չարաշահումներու անտեսումը կը նշանակէ, որ Եւրոպական Խորհուրդը այլեւս չի կրնար դիտուիլ որպէս մարդկային իրաւունքներու պահապան…
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ