ԵՐԵՒԱՆ, «ԱՐԵՒԵԼՔ».- Թրքական բանտէն խոյս տուած Սեւան Նշանեանը պատմած է 3.5 տարուան իր բանտարկութեան մասին:
Թրքական «Պիրկիւն» թերթը կը նշէ, որ Նշանեան շնորհակալութիւն յայտնած է իրեն աջակցած ու օգնութեան ձեռք մեկնած գաղափարակից ընկերներուն եւ ընտանիքին: Ան բանտարկութեան շրջանին յաճախ բանտէն դուրս գալու, հեծանիւային զբօսանքներ կազմակերպելու եւ նոյնիսկ ծովու ափին «խնճոյք»ներ կազմակերպելու առիթ ունեցած է: Իր բանտարկութեան առաջին 6 ամիսները Նշանեան անցուցած է ամբողջովին մեկուսացած: Աշխատած է թրքերէնի զարգացման պատմութեան մասին իր հատորին վրայ, մշակած է թրքերէն ու օսմաներէն բազմաթիւ բառեր:
Աւելի ուշ, նոյն խուցին մէջ բանտարկուած եղած է թուրք դատախազ մը: Նշանեան ստանձնած է բանտի գրադարանի հիմնման գործը եւ զբաղած է բանտի այգիին մշակումով:
Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած յեղաշրջման փորձէն ետք Նշանեան բանտին մէջ կը հանդիպի հակապետական դատապարտեալներու:
Ֆոջայի բաց ռեժիմի բանտ տեղափոխուելէ ետք Նշանեան որոշ ազատութիւն կը գտնէ, որովհետեւ անվտանգութեան ուժերը կը փորձեն շատ չճնշել՝ մտածելով, որ իբրեւ մտաւորական մարդ ան կրնայ փորձանք դառնալ: Ան համոզուած է, որ եթէ չփախչէր, իր դէմ աւելցող դատական հայցերը երբեք պիտի չդադրէին:
Նշանեան լրատուամիջոցներուն պարզած է, որ կրցած է փախչիլ կաշառքի միջոցով՝ օգտուելով պետական համակարգին մէջ գոյութիւն ունեցող թերութիւններէն: