ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեան իր «Թուիթըր»ի էջին վրայ կարճ գրառում մը կատարած է՝ հաստատելով, որ ատրպէյճանական զինուժը շաբաթ գիշեր ռմբակոծած է հայկական գիւղ մը:
Նշենք, որ շաբաթ գիշեր, 22 Յուլիսին, հակառակորդը կրակած է Տաւուշի մարզի Բարեկամաւան գիւղին ուղղութեամբ: «Երկիր»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին այս մասին հաստատած է Բարեկամաւանի գիւղապետը: