ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Ընթացիկ տարուան Յունուար-Յուլիս ա-միսներուն Արցախի Հանրապետութեան մէջ արձանագրուած է օտար զբօսաշրջիկներու 43 տոկոսի աճ՝ 2016 թուականին հետ համեմատած, եւ 27 տոկոսի աճ՝ 2015 թուականին հետ համեմատած:
Այս մասին, ըստ «Արցախփրէս»ի, ըսած է Արցախի տնտեսութեան նախարարութեան զբօսաշրջութեան վարչութեան ծրագիրներու կառավարիչ Արտակ Գրիգորեան:
«Արցախ այցելող զբօսաշրջիկներու ծագման երկիրներու աշխարհագրութիւնը տարուէ տարի կընդլայնի. մեր երկիրը կը հիւրընկալէ զբօսաշրջիկներ բոլոր աշխարհամասերէն, բայց Արցախի Հանրապետութիւն կ՛այցելեն, մանաւանդ, զբօսաշրջիկներ՝ Ռուսիայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Իրանէն եւ եւրոպական երկիրներէ՝ Ֆրանսայէն, Բրիտանիայէն, Իտալիայէն, Գերմանիայէն», տեղեկացուցած է Ա. Գրիգորեան: