ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Չորեքշաբթի, 13 Սեպտեմբերին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը այցելեց Դպրեվանքի այգին եւ իր ներկայութեամբ օրհնեց խաղողահաւաքի եւ ռուպի պատրաստութեան դպրեվանեցիներուն տարած աշխատանքը:
Նշենք, որ խաղողահաւաքն ու ռուպի պատրաստութիւնը Դպրեվանքի տարիներու աւանդութիւնն է, որ սկսած է հոգելոյս Արտաւազդ արք. Թրթռեանին կողմէն: Ռուպի պատրաստութիւնը ո՛չ միայն դպրեվանեցիներուն համար ուրախալի աշխատանք մըն է, այլ նաեւ առիթ մը՝ հաւաքուելու Աստուծոյ ընծայած բնութեան ու պարգեւած բարիքներուն շուրջ:
Դպրեվանեցիները այս բերքահաւաքն ու ռուպի պատրաստութիւնը կը զարդարեն ազգային երգերով եւ հայաշունչ մթնոլորտով: