ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
«… ՀՀԿի ու ՀՅԴի գործակցութիւնից պէտք է շահի երկիրը: Հասարակութիւնը պէտք է իմանայ ՀՅԴի աշխատանքի մասին, որպէս կոալիցիոն գործընկեր: Սակայն ՀՀԿն եւ ՀՅԴն տարբերւում են իրարից: ՀՅԴի օրակարգը սոցիալական արդարութիւնն է: Մենք պէտք է պահենք մեր դիմագիծը, չսպառենք այն բարոյական կապիտալը, ինչը որ կայ: Այս խորհրդաժողովը կ՛օգնի, որ ծնուի ՀՅԴ տնտեսական ամբողջական հայեցակարգը, որի առանցքը կը լինի սոցիալական արդարութիւնը»:
ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
ՀՅԴ ԲԻՒՐՈՅԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ
Սեպտեմբեր 16, 2017
Աղուերան
Յստակ է, որ Դաշնակցութիւնն ու Հանրապետական կուսակցութիւնը գաղափարական գործընկերներ չե՛ն: Այն դաշինքը, որ այժմ ի մի բերած է երկու քաղաքական ուժերը, կոչուած է հնարաւոր դարձնելու երկու կուսակցութեանց համագործակցութիւնը ազգային գերամեծար նպատակներու շուրջ, յատկապէս երկրին դիմագրաւած արտաքին սպառնալիքներու մարզին մէջ։
Միւս կողմէ, պէտք է կարեւորութեամբ արձանագրենք, որ Մայիս 18ին արտասանուած ՀՀ նախագահի ճառը՝ Ազգային ժողովի անդրանիկ նիստի ամպիոնէն, հանգամանօրէն կը դնէ ընկերային արդարութեան առաջնահերթութեան խնդիրը: «Մենք այսօր պատերազմի նոր փուլ ենք յայտարարում անարդարութեանը», կ՛ըսէ նախագահը՝ գէթ սկզբունքային հողի վրայ իւրացնելով Դաշնակցութեան օրակարգը: Հետեւաբար, երկու ղեկավար ուժերը իրենց առաջին դէմքերուն իսկ հրապարակային ելոյթներով կու գան հաստատելու, որ միասնական աշխատանքի կոյս տարածք մը գոյութիւն ունի այսօր՝ երկրէն ներս ընկերային արդարութեան կենսական առաջնահերթութիւնը լիարժէք թափով հետապնդելու: Պր. նախագահէն եկող այս հաւաստիքը հանրութիւնը պէտք է ընդունի որպէս անժամանցելի պարտամուրհակ։
Ըսած եմ ասկէ առաջ եւ կը կրկնեմ. գործող դաշինքին մէջ նախագահին կուսակցութիւ-նը կը ներկայացնէ մենաշնորհային համակարգի դասակարգային շահերը, իսկ Դաշնակցութիւնը կը ներկայացնէ հանրութեա՛ն շահերը: Հարց պէտք է տալ, թէ արդեօք այս երկու շահակցական շերտերու հանդիպումը հնարաւո՞ր է այս կէտին վրայ, երբ երկրի արտադրողական միջոցները լայն չափերով կը գտնուին մենաշնորհային համակարգի հակակշիռին տակ, որ ընկերային անարդարութեան գլխաւոր գործօնն է երկրէն ներս: Այս հարցումին պատասխանը կը բխի դաշինքի յառաջիկայ օրերու եւ ամիսներու արդիւնաւոր ընթացքէն: Փաստը այն է, որ յանկարծ քաղաքական բեմը — գէթ սկզբունքօրէն — ծնունդ տուած կը թուի ըլլալ հանգիտութեան իր նոր եզրերուն… Յանկարծ երկու ուժերու հաւաքական յանձնառութեամբ կը թուի բիւրեղացած ըլլալ ընկերային գործի գործադաշտը՝ «պատերազմական» յայտարարելով գոյութիւն ունեցող արդարութեան ճգնաժամը երկրէն ներս…
Ուրեմն եկած է ժամանակը լօզունգներէն անդին անցնելու: Եկած է ժամանակը Դաշնակցութեան «պլատֆորմ»ը դաշինքէն ներս վերածելու գործօն քաղաքականութեան: Եկած է ժամանակը խիզախ քայլերով կազմաքանդելու ազգային տնտեսութեան կեանքը պատուհասող մենաշնորհային համակարգը: Ընկերային արդարութեան հրամայականը այսօր միայն մէ՛կ առաջնահերթ թիրախ ունի Հայաստանի մէջ. իշխանութիւնը պէտք է կարենայ տարանջատել ինքզինք մենաշնորհային համակարգի շահերէն եւ սկսի գործելու իբրեւ հանուր ազգի ներկայացուցիչը՝ արմատականօրէն կարգաւորելով երկրի տնտեսակարգը եւ զայն բերելով մրցակցային դաշտէն ներս: Ասով պէտք է նշանաւորուի դաշինքը որպէս հաւաքական մտատեսիլ: Ընկերային արդարութիւնը կը պահանջէ ընկերային կարգավիճակի հիմնական յեղաշրջում՝ աշխատատեղերու ստեղծման գործօնները խթանելով եւ ազգային եկամուտի շարունակական վերաբաշխումը ապահովելով: Հայ մարդը պիտի զգայ, որ այս երկրին տէրն է ինք եւ իր զաւա՛կը՝ իրմէ ետք: Միայն այդ հողին վրայ է, որ մենք կ՛ունենանք արտագաղթի խայծերը մերժող ԱԶԳ-ԲԱՆԱԿ, որ պատրաստ է ինքզինք նուիրաբերելու երկրի բոլոր մարտահրաւէրներուն ու ինքզինք դնելու պատմութեան նժարին վրայ՝ այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեան: