ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի փոխադրամիջոցներու, հաղորդակցութեան եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու նախարար Վահան Մարտիրոսեան աշխատանքային այց մը կատարած է Հիւսիս-Հարաւ ճամբու Աշտարակ-Թալին, Թալին-Լանջիկ, Լանջիկ-Գիւմրի հատուածները:
Աշտարակ-Թալին հատուածին մէջ, որուն շինարարութիւնը կը կատարէ սպանական «Isolux Corsոn» ընկերութիւնը, աշխատանքները կ՛ընթանան բնականոն հունով: Ընդհանուր առմամբ արդէն կատարուած է 16.3 քմ. շաղախապատում:
Ճամբու 61րդ քմ.ին երկկող շաղախապատումը աւարտած է սահմանուած պայմանաժամուն: Այնտեղ, իւրաքանչիւր ուղղութեամբ շաղախապատուած է 2.8 քմ. երկարութեամբ հատուած եւ ակնյայտ է կատարուած աշխատանքի բարձր որակը:
Նախարարը հետաքրքրուած է աշխատանքի թափը արագացնելու, գործածուող սարքերու քանակը աւելցնելու կարելիութեամբ՝ ընդգծելով, որ երկրորդ մեքենան խիստ անհրաժեշտ է աշխատանքներու ընթացքը արագացնելու համար:
Ճամբուն Աշտարակ-Թալին հատուածին կը գտնուի Ագարակ պատմահնագիտական արգելոցը: Ըստ նախագիծին՝ այստեղէն պէտք է անցնէր ճամբուն մէկ հատուածը, սակայն նկատի ունենալով այս արգելքը‘ որոշուած է փոխել ճամբուն ծիրը, ինչ որ կրնայ առաջնորդել պայմանաժամերու փոփոխութիւններու:
Ճամբուն Թալին-Լանջիկ հատուածի աշխատանքները կը կատարէ չինական «Սինոհիտրօ» ընկերութիւնը, որ՝ իր վրայ առնելով պատասխանատւութիւնը եւ առանց աշխատանքներու որակի փորձաքննութեան, կատարած է ճամբու 1200 մեթր շաղախապատում:
Նախարարը պահանջած է չշարունակել շաղախապատման աշխատանքները՝ մինչեւ որակի փորձաքննական արդիւնքները:
Եթէ որակի փորձաքննական արդիւնքները չհամապատասխանեն սահմանուած չափանիշներուն, չինական ընկերութիւնը պէտք է քանդէ եւ նոր, որակաւոր շաղախապատում կատարէ:
Այցին ընթացքին այս հատուածին մէջ նոյնպէս հողային աշխատանքներու որոշ խախտումներ արձանագրուած են: Նախարարը յանձնարարած է մնայուն վերահսկողութիւն սահմանել, շեղումներու պարագային՝ համապատասխան միջոցներու ձեռնարկել:
Ան չինական ընկերութեան պատասխանատուներէն պահանջած է արդիւնաւէտ եւ որակաւոր աշխատանք՝ շեշտելով, որ առանձնայատուկ ուշադրութիւն պէտք է դարձուի հիմքի, ենթահիմքի նիւթերուն եւ շաղախի որակին: