
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հոկտեմբեր 31ին, Թուրքիոյ իր պաշտօնակից Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հետ տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ընդգծած է յատկապէս Պաքուի եւ Անգարայի միջեւ ռազմական ոլորտէն ներս ծաւալող գործակցութեան կարեւորութիւնը՝ միաժամանակ ազդարարելով. «Ատրպէյճան իր տարածքին վրայ երկրորդ հայկական պետութեան մը ստեղծումը երբե՛ք պիտի չհանդուրժէ»։
Ալիեւի պնդումով՝ Արցախի հիմնահարցը Հոկտեմբեր 31ին կայացած Թուրքիա-Ատրպէյճան Ռազմավարական բարձրագոյն համագործակցութեան խորհուրդի նիստի քննարկման գլխաւոր նիւթերէն մէկը եղած է:
«ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդը վաւերացուցած է չորս բանաձեւեր, որոնց համաձայն՝ Հայաստանի զինուած ուժերը պէտք է անյապաղ եւ անվերապահօրէն լքեն Ատրպէյճանին պատկանող հողերը: Այդ բանաձեւերը արդէն իսկ 20 տարիէ ի վեր կը մնան թուղթի վրայ: Հայաստան կ՛անտեսէ զանոնք եւ հարցը կը մնայ անլոյծ», յայտարարած է Ալիեւ՝ ցաւ յայտնելով, որ Պաքուի նկատմամբ երկակի չափանիշներ կը կիրարկուին միջազգային համայնքին կողմէ:
Ընդգծելով Պաքուի եւ Անգարայի միջեւ ռազմական ոլորտէն ներս ծաւալող գործակցութեան կարեւորութիւնը՝ ան աւելցուցած է. «Այս տարի, Թուրքիա եւ Ատրպէյճան կազմակերպած են երեք համատեղ ռազմափորձեր, որոնցմէ երկուքը՝ Պաքուի մէջ, իսկ միւսը՝ Նախիջեւանի: Նման քայլեր աւելիով կ՛ամրապնդեն մեր համագործակցութիւնը ռազմական ասպարէզին մէջ: Թուրքիա եւ Ատրպէյճան կը շարունակեն խորացնել համագործակցութիւնը նաեւ ռազմական արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ: Թուրքիոյ օրէ օր զարգացող ռազմարդիւնաբերական համալիրը մեզի համար լուրջ հետաքրքրութեան առարկայ է: Մենք Թուրքիայէն ռազմական արտադրանք ձեռք կը բերենք եւ պիտի շարունակենք այդ բանը ընել»:
Իր կարգին, Թուրքիոյ նախագահը ըսած է, որ յառաջիկայ տարիներուն Պաքու եւ Անգարա իրենց յարաբերութիւնները պիտի զարգացնեն քանի մը ուղղութիւններով, որոնց մէջ առանցքային է փոխադրական եւ ուժանիւթի մարզերը:
«Մօտիկ ապագային պիտի սկսի ատրպէյճանական կազի մատակարարումները դէպի Եւրոպա: Այս իրողութիւնը ոմանց համար շատ անհանգստացնող իրադարձութիւն մըն է: Ժամանակին, ոմանք թերահաւատօրէն կ՛արտայայտուէին Պաքու-Թիֆլիս-Կարս երկաթուղիի շինարարութեան եւ անոր տնտեսական նպատակայարմարութեան մասին: Բայց երէկ մենք ներկայ գտնուեցանք այդ ուղիի բացումին», յայտարարած է Էրտողան:
Թուրքիա-Ատրպէյճան Ռազմավարական համագործակցութեան խորհուրդի նիստի աւարտին, կողմերը ստորագրած են շարք մը փաստաթուղթեր, ներառեալ՝ «Պաշտպանական արդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան մասին» փաստաթուղթը, որուն բովանդակութիւնը չէ հրապարակուած: