ՀԱԼԷՊ, «Գանձասար».- Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան տեղեկատուութեան ու հասարակութեան հետ կապերու բաժինէն կը հաղորդեն, թէ Հայաստանի եւ Սուրիոյ միջեւ առեւտրական-տնտեսական համագործակցութեան հեռանկարները քննարկելու նպատակով՝ 29էն 31 Հոկտեմբեր Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Սուրէն Քարայեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Սուրիա այցելեց:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Լեւոն Սարգսեան, Տէր Զօրի մէջ ՀՀ պատուոյ հիւպատոս Սուրէն Վարդանեան, Հայաստանի առեւտրական-արդիւնաբերական պալատի նախագահ Մարտին Սարգսեան, Զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէի նախագահ Զարմինէ Զէյթունցեան, Հայաստանի զբօսաշրջութեան զարգացման հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արայիկ Խզմալեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի առեւտրական-արդիւնաբերական պալատի անդամներ:
29 Հոկտեմբերին, պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունեցած է Սուրիոյ վարչապետ Իմատ Խամիսի հետ: Ողջունելով հիւրերը՝ վարչապետը ըսած է, որ պատերազմին պատճառով երկար դադարէ մը ետք հայկական պատուիրակութեան Սուրիա այցելութիւնը մեծ իրադարձութիւն է երկու երկիրներու առեւտրական-տնտեսական յարաբերութիւններու շրջագիծին մէջ:
Վարչապետը ընդգծած է նաեւ, որ Սուրիան երախտապարտ է սուրիական ճգնաժամին հարցով բարեկամ Հայաստանի հաւասարակշռուած դիրքորոշումներուն համար: Այնուհետեւ, ան համառօտ կերպով ներկայացուցած է Սուրիոյ քայքայուած տնտեսութեան վերականգնման ուղղուած կառավարութեան ռազմավարութիւնը, ինչպէս նաեւ տնտեսական նոր ծրագիրները:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար՝ նախարար Քարայեան իր կարգին վստահութիւն յայտնած է, որ այս այցելութիւնը նոր լիցք պիտի հաղորդէ տագնապին պատճառով որոշ նահանջ ապրած հայ-սուրիական երկկողմանի համագործակցութեան՝ հիմք հանդիսանալով հետագայ միացեալ արդիւնաւէտ ծրագիրներու իրականացման:
Աւարտին, վարչապետ Խամիս ողջունած է հայկական կողմին պատրաստակամութիւնը՝ մասնակցելու Սուրիոյ վերականգնման ծրագիրներուն: