ԵՐԵՒԱՆ.- Նախագահ Սերժ Սարգսեան Չորեքշաբթի, 8 Նոյեմբերին ունեցաւ Հանրապետութեան ժողովրդագրական հարցերուն նուիրուած խորհրդակցական հանդիպում մը, որուն մասնակցեցան վարչապետը, փոխվարչապետը, նախագահի աշխատակազմի ղեկավարը, Ազգային ժողովի առողջապահութեան եւ սոցիալական հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահը, աշխատանքի եւ սոցիալական հարցերու, առողջապահութեան, տարածքային կառավարման եւ զարգացման, գիւղատնտեսութեան, ֆինանսներու, տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու ու սփիւռքի նախարարները, արտաքին գործերոց նախարարի տեղակալը, նախագահի աշխատակազմի պաշտօնեաներ:
Խորհրդակցութեան ընթացքին ըստ ոլորտներու ներկայացուեցան եւ քննարկուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդագրական հիմնական հարցերը եւ իրավիճակի բարելաւման հնարաւորութիւնները: Մասնա-կիցները անդրադարձան երկրի ժողովրդագրական իրավիճակին վրայ ազդող հիմնական գործօններուն, գերակայութիւններուն եւ իրականացուելիք միջոցառումներուն, ինչպէս նաեւ թիրախային նպատակին հասնելու խթաններուն:
Խորհրդակցութիւնը բանալով, նախագահը ընդգծեց, որ մինչեւ 2040 Հայաստանի բնակչութիւնը 4 միլիոնի հասցնելու համազգային նպատակը դժուար, բայց իրականանալի հարց է: Նախագահը յաղթահարելի համարեց նաեւ ժողովրդագրական իրավիճակին վրայ այսօր բացասաբար ազդող՝ Հայաստանի հետ հարեւաններու ունեցած յարաբերութիւններուն պատճառով գոյութիւն անվտանգութեան հարցերը:
Նախանշուած թիրախային նպատակին հասնիլը, նախագահ Սարգսեանի համոզումով, պէտք է դառնայ Հայաստանի բոլոր իշխանութիւններուն խնդիրը, եւ 2040 թուականէն ետք ալ ժողովրդագրական իրավիճակի շարունակական բարելաւումը պէտք է նոյնքան կարեւոր նկատուի:
Խորհրդակցութենէն ետք նախագահը տուաւ շարք մը յանձնարարականներ. մասնաւորապէս՝ կառավարութեան յանձնարարուեցաւ մշակել «Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդագրական իրավիճակի (մինչեւ 2040 թուականը) բարելաւման ռազմավարական հիմնադրոյթները, արտացոլել դրանք մինչեւ 2030թ. Հայաստանի զարգացման ռազմավարութեան մէջ՝ սահմանելով համապատասխան բաղադրիչներ եւ հնգամեայ թիրախներ յետագայ ծրագրերի մշակման ու իրականացման համար»: