ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Վիեննայի մէջ Դեկտեմբեր 7-8ին պիտի կայանայ ԵԱՀԿի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստը, որուն օրակարգին վրայ կարելի պիտի ըլլայ քննարկել նաեւ Արցախի հակամարտութեան կարգաւորման հարցը:
«Թէեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը պիտի չըլլայ հանդիպման ընթացքին քննարկուելիք առանձին նիւթ, սակայն պատուիրակութիւնները իրենց աւանդական յայտարարութիւններուն մէջ կարելիութիւնը պիտի ունենան անդրադառնալու այդ հարցին», յայտնած են ԵԱՀԿի գործող նախագահի գրասենեակի աղբիւրները: