ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Այսօրուան դրութեամբ, Հայաստանի մէջ 18 տարեկանը չլրացուցած 530 երեխայ կը տառապի շաքարախտէ: Այս մասին լրագրողներուն յայտնած է բժիշկ Գայիանէ Բայբուրդեան:
Հայաստանի մէջ տարեկան շաքարախտի 60-80 նոր դէպք կ՛արձանագրուի երեխաներու մօտ:
Նշենք, որ Հայաստանի մէջ շաքարախէ տառապողներու թիւը կը հասնի 80,000ի: