ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Հայաստան անասնապահական առեւտուրի համար բարենպաստ աշխարհագրական դիրք ունի, ինչպէս նաեւ հարուստ լեռնային արօտավայրեր: Այս մասին յայտարարեց գիւղատնտեսական կենդանիներու արտածումով եւ ներածումով զբաղող ֆրանսական առաջատար «Ժան Փօլ Պուայէ» ընկերութեան ղեկավար Ժան Փօլ Պուայէ՝ Հայաստանի գիւղատնտեսութեան նախարար Իգնատի Առաքելեանի հետ իր հանդիպման ընթացքին:
Ընկերութեան ղեկավարը նաեւ յայտնեց, որ հետաքրքրուած եւ ոգեւորուած է Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելով:
«Անասնապահութիւնը մեզ համար առաջնային նշանակութիւն ունի եւ այսօր զբաղեցնում է Հայաստանի գիւղատնտեսութեան մօտ 50 տոկոսը: Միեւնոյն ժամանակ մենք դեռ մեծ դաշտ ունենք ներդրումներ կատարելու եւ զարգացնելու ոլորտը, ուստի բաց ենք ու պատրաստ քննարկել տարբեր առաջարկութիւններ», իր հերթին յայտնեց Իգնատի Առաքելեան: