ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան երեսփոխանական նիստին ընթացքին խօսած է դրացի երկիրներուն հետ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւններուն մասին:
Ըստ թրքական «Մայնե»չ լրատուական կայքին՝ Էրտողան նաեւ անդրադարձած է Հայաստանին՝ պնդելով. «Հայաստանը, մասնաւորապէս Սփիւռքի ազդեցութեամբ, փակ պահեց մեր երկրին հետ բարեկամական կապերը եւ դուրս մնաց բեռնափոխադրութեան, ուժանիւթի եւ առեւտրական ճանապարհներէն: Այդ վիճակը այդպէս ալ պիտի շարունակուի»։
Ան ընդգծած է, որ Թուրքիա կը համագործակցի Կովկասի, յատկապէս Վրաստանի, Միջին Ասիոյ եւ հարաւային Ասիոյ երկիրներու հետ: Ըստ անոր՝ նշեալ օրինակները ցոյց կու տան, թէ Թուրքիա կը փափաքի աշխուժացնել յարակից երկիրներու հետ յարաբերութիւնները:
Էրտողան նաեւ նշած է, որ Անգարա պիտի շարունակէ պայքար մղել Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան եւ կիւլենական համայնքի ներկայացուցիչներուն դէմ, որոնք երկրին մէջ ահաբեկչական կազմակերպութիւններ կը համարուին:
Եւ երբ յաջորդ ճակատամարտին Արցախի զօրքերը հասնին Պաքու եւ Ազերին դուրս նետուի Կովկասէն՝ այն ատեն Թուրքիան Դուրս պիտի Մնալ Շրջանային բոլոր Ծրագիրներէն Այս ալ կրնայ պատահիլ…