ԼՈՆՏՈՆ, «Նիուզ».- Անգլիական «Կարտիըն» թերթը սկսած է հրապարակելու 2017ի աշխարհի 100 լաւագոյն ֆութպոլիստներու դասակարգման աղիւսակը՝ ներկայացնելով 71էն 100րդ տեղը գրաւած ֆութպոլիստները:
Հայաստանի ազգային հաւաքականի եւ անգլիական «Մանչեսթըր Եունայթըտ»ի կիսապաշտպան Հենրիկ Մխիթարեան այս ցանկին վրայ գրաւած է 92րդ տեղը:
Ամէնամեայ քուէարկութեան կը մասնակցին գործող եւ նախկին ֆութպոլիստներ, մարզիչներ, փորձագէտներ եւ լրագրողներ՝ 63 երկիրներէ:
Յիշեցնենք, որ անցեալ տարի Հայաստանի հաւաքականի 28ամեայ աւագը այս ցանկին վրայ գրաւած էր 57րդ տեղը: