Թուրքիոյ մէջ հրատարակուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն Սեբաստիոյ հայերու ապրած կոտորածին ու աքսորին մասին պատմող նոր գիրք մը: Այս մասին կը տեղեկանանք գիրքը լոյս ընծայած Պոլսոյ «Արաս» հայկական հրատարակչութեան պաշտօնական կայքէն:
Մուրատ Աթաշի կողմէ գրուած «Արմինէ. (Չարաք Լերան Աքսորը)» վերնագիրով վէպը, որ հիմնուած է իրական դէպքերու վրայ, կը պատմէ պատմական Սեբաստիոյ գիւղերէն մէկուն հայ բնակչութեան՝ Ցեղասպանութեան տարիներուն ապրած զրկանքներուն ու այդ տարածքին մէջ հայերու եւ թուրքերու յարաբերութիւններուն մասին:
Վէպը համեմուած է նաեւ գլխաւոր կերպարին՝ Արմինէի ու անոր ընտրեալ Ճիւանի սիրոյ պատմութեամբ ու կը պատմէ ցեղասպանութեան հետեւանքով խեղուած ճակատագիրներու մասին:
224 էջնոց թրքերէն վէպի խմբագրութիւնը կատարած է պոլսահայ մտաւորական, «Ակօս» թերթի նախկին խմբագիր եւ «Արաս» հրատարակչութեան ղեկավար Ռոպեր Քոփթաշ: